Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍԻՎԱՍԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Kategori: Համայնքային

Ս. Զատկի Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ընկերակցութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Սիվասի Հայ համայնքին։

Գրիգոր Աւ. Քհնյ. 28 Ապրիլ 2014, Երկուշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցաւ Սիվաս եւ դիմաւորուեցաւ Երուանդ Տուրմազկիւլէր եւ Երուանդ Մըղտըսի կողմէ։

Ժամը 14.00-ին, Գրիգոր Աւ. Քահանայ, ընկերակցութեամբ Արթուն Սարկաւագի, Երուանդ Տուրմազկիւլէրի, Երուանդ Մըղտըսի եւ Շահին Թօկաչի քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Սիվասի Կուսակալութեան եւ ընդունուեցաւ կուսակալ Ալիմ Պարութի կողմէ։ Ընդունելութեան ընթացքին Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար. ցաւակցութիւն յայտնեց նախորդ կուսակալ Զիւպէյիր Քէմէլէքի մահուան առթիւ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն նոր նշանակուած պաշտօնին մէջ։ Սիվասաբնակ ազգայիններ Ս. Զատկի տաղաւարին առթիւ կուսակալ Պարութի յանձեցին կարմիր հաւկիթներու եւ Զատկական չէօրէկի աւանդական կողովը։ Մեծայարգ կուսակալը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ շնորհաւորեց Հայ համայնքի Ս. Զատկի տօնը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ Սեբաստաբնակ Հայեր եւ ոչ Քրիստոնեայ հայրենակիցներ կþապրեցնեն փոխադարձ շնորհաւորական այցելութիւններու գեղեցիկ աւանդութիւնը։

vali

Իսկ ժամը 15.30-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տրուեցաւ Սիվասի նորընտիր Քաղաքապետ Սամի Այտընի։ Գրիգոր Աւագ Քահանան շնորհաւորաց մեծայարգ քաղաքապետը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։ Ապա յիշեց թէ մեծայարգ քաղաքապետը ընդառաջելով եղած հրաւէրին իր կողակցին հետ պատուած էր Սեբաստաբնակ համանքի անդամներէն Շահին Քօչաքի բնակարանը, սեղանակից դառնալով ընտանիքի անդամներուն։ Տէր Հայրը յայտնեց, թէ քաղաքապետի այս փափկավարական այցելութիւնը գոհունակութինւն առթած էր Պոլսաբնակ ազգայիններու մօտ։ Սամի Այտըն յայտնեց, թէ քաղաքապետութիւնը բոլոր հայրենակիցներուն պաշտօնարանն էր եւ կը ծառայէր անխտիր բոլոր անոնց որոնք իրենց հարցերու լուծման համար խնդրանք կը ներկայացնէին։ Սեբաստաբնակ ազգայիններ մեծայարգ քաղաքապետին եւս յանձեցին Զատկական կարմիր հաւկիթներու եւ Զատկական չէօրէկի աւանդական կողովը։ Քաղաքապետարանին մէջ այցելութիւններ տրուեցան եւ զատկական կողովներ յանձնուեցան քաղաքապետի օգնականներ՝ Ահմէտ Էօզայտընի, Հիւսէյին Նաճի Սիւհայի, Ապտիւրրահիմ Ճէյհանի եւ  Մահիր Քուզուճուի որոնք օգտակար կը հանդիսանային Սիվասաբնակ մերազն համայնքին։

belediye baskani sivas
Ժամը 21.00-ին Քօչաք ընտանիքի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ։ Նախ քան Ս. Պատարագի մատուցումը կատարուեցաւ ոտնլուայի արարողութիւն, որ յուզեց արարողութեան մասնակիցները։ Արարողութեանց աւարտին ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ եւ Տէր Հայրը խրատական մը խօսեցաւ ընդգծելով Քրիստոսի Ս. Յարութեան կարեւորութիւնը։ Իւղաբեր կանանց օրինակը բացատրելով, թելադրեց հետեւիլ իրենց։ Շեշտեց, թէ գերեզմանի դրան քարը տեղէն շարժող Աստուածային զօրութիւնը կարող էր նաեւ վերացնել մեր կեանքի դժուարութիւնները, ցաւերը, նեղութիւնները։ Յիշեցուց, թէ Քրիստոս կը յայտնուէր  աղօթքի պահուն երբ իրեն հաւատացողներ կը համախմբուէին իր անունով։

sivas zadig

Յաջորդ առաւօտ, 29 Ապրիլ 2014, Երեքշաբթի, Գրիգոր Աւ. Քահանան ընկերակցութեամբ Արթուն Սարկաւագի, այցելեց քաղաքի անկողնոյ ծառայող տարեց երկու անդամներուն եւ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց անոնց։

Ժամը 13.30-ին այցելութիւն տրուեցաւ Հայոց Գերեզմանատուն, ուր կատարեցին ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Սիվասցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։

sivas zadig 2

Ս. Պատարագի եւ այլ արարողութեանց մասնակիցներ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։

Նոյն գիշեր ժամը 23.30-ի թռիչքով Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ Արթուն Սրկ. վերադարձան Ստանպուլ։