Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Միջկրօնական-Միջեկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 26 Մայիս 2014, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին այցելութիւն տուաւ քաղաքիս Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտին։

Նորին Սրազնութիւնը Ս. Զատկի առթիւ նախապէս ընծայուած այցելութեանց համար շնորհակալութիւն յայտնեց եւ Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտին անձին մէջ շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Ս. Զատիկը։

Արամ Արքեպս. եւ ընկերակիցները, ժամը 15.30-ին այցելութիւն տուին, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղին։

Նորին Սրբազնութիւնը, այստեղ եւս նախապէս ընծայուած այցելութեանց համար շնորհակալութիւն յայտնեց եւ Մոնս. Եուսուֆ Սաղի անձին մէջ շնորհաւորեց Ասորի Կաթոլիկ Համայնքի Ս. Զատիկը։

Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտը եւ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին տրուած փոխադարձ այցելութեան համար։ Անոնց մաղթանքը եղաւ, գալ տարի եւս ուրախութեամբ ողջունել Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսը։