Ս. Զատկի Ճրագալոյց

Kategori: Եկեղեցական

Սուրբ Զատկի Ճրագալոյցը մեծ խանդավառութեամբ տօնուեցաւԵրուսաղէմի մէջ։

Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը առաւօտեան ժամը 09.00ինայցելութիւն տուաւ Նոտր Տամ Հիւրանոցը, որ կը մատակարարուիՎատիկանի կողմէ։ Նորին Ամենապանուութիւնը հիւրանոցի մուտքինդիմաւորուեցաւ Վատիկանի դեսպանատան մշակոյթի կցորդ Գերյ. Հայր Ճոն Սոլանա վարդապետին կողմէ եւ պատուասիրուեցաւնախաճաշով։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ժամը 10.30ին հասաւ ՍրբոցՅակովբեանց Վանքը, ուրկէ պիտի սկսէր հայոց թափօրը։ Պոլսահայուխտաւորները եւս փութացէր էին վանք որպէսզի մասնակցինարարողութեանց։ Թափօրը կը բաղկանար Հայ ակումբներուերիտասարդ սկաուտներու նուագախումբերէն, Հայոց Վանքիժառանգաւոր սաներէն եւ վեղարաւոր միաբան հայրերէն։

Թափօրապետն էր Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութիւնը  ժամը մօտաւորապէս 11.30ին պաշտօնական մուտք գործեց Սուրբ Յարութիւն Տաճարը եւ Սուրբ Գերեզմանի շուրջկատարուած թափօրէն յետոյ առաջնորդուեցաւ հայոց տեսչարանը։

Նախ քան լուսահանութիւնը, իւրաքանչիւր եկեղեցի կատարեց իրԹափօրը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ժամը 14.00ինմիաբաններու կողմէ առաջնորդուեցաւ Հայոց Գողգոթա։Լուսահանութենէն ետք քանի մը երկվայրկեանի մէջ գերեզմանէնհանուած լոյսը  բերուեցաւ Պատրիարք Հօր, որ օրհնեցհաւատացեալները Քրիստոսի Յարութեան լոյսով ու «Քրիստոս յարեաւի մեռելոց» աւետիսով։

Լուսահանութեան արարողութենէ յետոյ Քրիստոսի դատարկգերեզմանին շուրջ երեք անգամ թափօր կատարուեցաւ, որունգլխաւորեց այս տարուայ լուսահան Հոգշ. Հայր Բագրատ Աբեղայ։Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կազմուածմիաբանական թափօրով, Սուրբ Լոյսը բերուեցաւ  Սրբոց ՅակովբեանցՎանքը եւ դրուեցաւ Մայր Տաճարի բեմին վրայ։ Մայր տաճարիատեանին մէջ  Ն.Ա.Տ. Թորգոմ Պատրիարք Հայրը դիմաւորեց թափօրըեւ ողջագուրուեցաւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հօր հետ ՍուրբՅարութեան աւետիսով։

Իսկ ժամը 17.00ին տեղի ունեցան ճրագալոյցի արարողութիւնները։Սուրբ Պատարագը մատոյց Հոգշ. Հայր Օշական ՎարդապետԿիւլկիւլեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սրբոց ՎարդանանցԴպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ ԱտրուշանՀալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լուսի Քահվէճեանի։

  • 32
  • 33
  • 34
  • 35