Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵՒ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

iskenderun 1Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարը այս տարի եւս տօնուեցաւ Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի Եկեղեցեաց մէջ։

Ս. Զատկի ուրախութիւնը Իսքէնտէրունի մէջ սկսաւ 4 Ապրիլ 2015, Շաբաթ երեկոյեան։ Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, մանուկներ կատարեցին Ս. Գրային Ընթերցումները, որոնց աւարտին Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց երէց Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան, մանուկներու եւ երիտասարդներու կողմէ։ Տաղաւարի արարողութեանց ներկայ եղաւ հոծ թիւով բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ Իսքէնտէրունի Քաղաքապետ՝ Սէյֆի Տինկիլ, հանդերձ իր պատուիրակութեամբ եւ քոյր եկեղեցիներէ վարչայիններ։ Ս. Զատկի տօնակատարութեանց մասնակցելու համար Ատանայէն եւ Մէրսինէն եւս հաւատացեալներ փութացած էին Իսքէնտէրուն։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Տէր Հայրը, խրատական մը խօսեցաւ, վեր առնելով Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդը եւ ըսաւ. «Քրիստոս, Ս. Յարութեամբ զմեզ ազատեց սատանայի գերութենէն։  Կը հաւատանք ողջ Քրիստոսին եւ ո՛չ թէ գերեզմանի մէջ ննջող անձի մը։ Մեր ստրկեալ հոգիները եւ նկարագիրը, կրնան նորոգուիլ միայն Քրիստոսէ շնորհուած Ս. Յարութեան յոյսով։ Այսպէս պիտի թագաւորէ սէրը, ինչպէս նաեւ պատերազմներու աղաղակներու փոխարէն պիտի լսենք խաղաղութեան ձայներ։ Միշտ պիտի աղօթենք այս ուղղութեամբ»։ Ապա, ընթերցեց Պատր. Ընդ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի Ս. Զատկի Պատգամը։

Ս. Պատարագի ընթացքին, բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդութիւն ստացան։ Ապա, մանուկներ եւ երիտասարդներ, թափօր կազմեցին եւ միասնաբար Ս. Զատկի շարականներ երգեցին։ Հաւատացեալներ մոմեր ի ձեռին, կը հետեւէին արարողութեան եւ զիրար կ՚ողջունէին ըսելով. «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։  Եկեղեցւոյ բակը տեղի ունեցաւ Տնօրհնէք, որուն աւարտին ներկայ հաւատացեալներուն բաժնուեցաւ Զատկական կարմիր հաւկիթ։ Աւելի վերջ, Տէր Հայրը մասնաւորապէս գնահատեց մանուկ եւ երիտասարդ դպիրները, որոնք յաջողութեամբ ընթերցած էին Ս. Գրային Ընթերցումները եւ կատարած՝ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։

iskenderun 2Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարը, 5 Ապրիլ 2015, Կիրակի առաւօտ տօնուեցաւ Վաքըֆիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Ժամերգութիւնները սկսան 9.00-ին, իսկ 10.30-ին Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Տաղաւարի Ս. Պատարագը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գիւղաբնակ մանուկներու եւ երիտասարդներու կողմէ։ Ս. Զատկի տօնակատարութեանց մասնակցելու համար Անթաքիայէն, Սամանտաղէն եւ Ստանպուլէն ուխտաւորներ փութացած էին Վաքըֆգիւղ։ Արարողութեանց ներկայ եղան նաեւ Կուսակալի Փոխանորդ Պիլալ Պօզտէմիր, Գաւառապետ Ճահիտ Չէլիք, Հաթայի Մայր Քաղաքապետութեան փոխանորդ Սէրտալ Կիւվէն, Սամանտաղի Քաղաքապետ Միւթհատ Նէհիր, Ընդհանու դատախազ Սիւլէյման Կէօքչէ, Դատախազ Ճանպէրք Օնարօք, Վաքըֆներու վարչութեան շրջանային տնօրէն Մէհմէտ Եըլտըրան, Հաթայի Միւֆթիւ Համտի Քաւալլըօղլու։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Տ. Աւետիս Քահանան ընթերցեց Պատր. Ընդ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի Ս. Զատկի Պատգամը։

vakifli 2vakifli 1Ս. Պատարագի ընթացքին, բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդութիւն ստացան։ Ապա, մանուկներ եւ երիտասարդներ, թափոր կազմեցին եւ միասնաբար Ս. Զատկի շարականներ երգելով եկան եկեղեցւոյ բակը։ Այստեղ, Տէր Հայրը օրհնեց Ս. Զատկի սիրոյ սեղանը ու ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց ըսելով. «Ուրախ եմ որ տօնական առիթով ի մի համախմբուած ենք։ Տաղաւարի օրհնութիւնը տարածուի ձեր ընտանեկան յարկերէն ներս։ Կ՚աղօթեմ աշխարհի խաղաղութեան համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք ջանք կը թափեն, որպէսզի թագաւորէ համերաշխութիւնը»։ Տէր Հօր խօսքերուն, յաջորդեցին ուրիշներու սրտի խօսքերը,։ Անոնց եւս մաղթանքը եղաւ որ Հաթայի ներկայ եղբայրական մթնոլորտը թող օրինակ հանդիսանայ համայն աշխարհին։

Ս. Յարութեան Տաղաւարի յաջորդ օրը, եւս Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Մեռելոցի Ս. Պատարագ։ Երգեցողութիւնները կատարեց Երէցկին Հայկանոյշ Թապաշեան։ Ս. Պատարագի աւարտին հաւատացեալներ հաւաքուեցան Վաքըֆգիւղի Հայոց Գերեզմանը՝ երբեմնի աւագերէցներ՝ Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Աւ. Քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն շուրջ եւ կատարուեցաւ պաշտօն գիւղի գերեզմանատան մէջ ննջող համայն հաւատացեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։