Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը 21 Ապրիլ 2019, ժամը 15.00-ին Ս. Զատկուան Տօնի առթիւ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի կից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան Սրահին մէջ։

Քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներու, քաղաքապետութեանց, կուսակցութեանց եւ քաղաքական գործիչներու շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունուին 23 Ապրիլ 2019, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-16.00-ի միջեւ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

Իսկ Տիկնանց Կազմերու շնորհաւորութիւնները՝ 25 Ապրիլ 2019, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ