Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

29 Մայիս 2005 Կիրակի, Ս. Էջմիածնի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Տօնը հանդիսիւ նշուեցաւ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս.Պատրիարք Հայրը արարողութեանց նախագահեց Գնալը Կղզիի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագիչն էր Հոգշ. ՀայրԵղիշէ Աբղ. Ուչքունեան։ Ս. Սեղանին կը սպասարկէր Բրշ. ՎաղարշակՍրկ. Սերովբեան։ Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ տեղւոյն ՆերսէսեանԴպրաց Դասու անդամներուն կողմէ առաջնորդութեամբ Բրկ. ԱրթունԴպիր Թէքիրօղլուի։ Ներկայ էր Ս. Երուսաղէմի ՊատրիարքականԱթոռի Լուսարարապետ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Նուրհան Ս. Արքեպս.Մանուկեան։ Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներով, ԻշխանացԿղզիներու Ծխական Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբՅարութիւն Տիմիճիօղլուի, ներկայ էին ամբողջական կազմով։

Առաքելական թուղթի ընթերցումէն անմիջապէս յետոյ քարոզեց Ամեն.Ս. Պատրիարք Հայրը, որ բացատրեց օրուան տօնին իմաստը,պատմելով մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշանաւորտեսիլքը, ուր Աստուծոյ Միածին Որդին կ՚իջնէր Արարատեան դաշտըուկը յայտնէր Ս. Էջմիածնի եւ միւս երեք սրբատեղիներու կառուցմանվայրերը եւ շինուելիք տաճարներու ձեւերը։

Նորին Ամենապատուութիւնը պատմեց, թէ Հայոց Տրդատ Թագաւորըինչպէս անձամբ աշխատած էր Մայր Տաճարի հիմնարկէքին, անձամբկրելով ժայռի խոշոր կտորներ, մինչ Հայոց Աշխէն Տիկինը իր շքեղզգեստին փէշերուն մէջ հող եւ կիր կրեց հետեւելով իր ամուսնոյնապաշխարութեան արարքին։ Այսպէս, հայոց ազնուականներըհրապարակաւ կÿապաշխարէին եւ թողութիւն կը խնդրէին իրենցկատարած հակաքրիստոնէական  հալածանքներուն համար։

Արարողութեանց աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու միւսհոգեւորականները եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ սուրճ առին Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի անդամներուն հետ։

Ժամը 13.30-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը Գնալը ԿղզիիՊատրիարքարանին մէջ ընդունեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ ՄայրԵկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներէն ատենապետ՝ ԵփրեմՊաղը, անդամներ՝ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու Սարգիս Տէլկին, իրենցկողակիցներուն եւ զաւակներուն հետ։ Միասնաբար առնուած կէսօրուան ճաշէն ետք, յետ միջօրէի մինչեւ գիշերուան ժամը 21.00,Հրանդ Մոսկոֆեանի զբօսանաւով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու Բարձրաշնորհ Տ. Նուրհան Ս. Արքեպս. Մանուկեանպատուասիրուեցան Վոսփորի շրջապտոյտով մը։