Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

12909492_563471493812738_3141125902695127088_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 6 Ապրիլ 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Թաղային Խորխուրդի Ատենապետ՝ Արման Պիւքիւճեանը։

Այցելուներ,նախ յայտնեցին, որ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ, 10 Ապրիլ 2016, Կիրակի, Սատարողաց Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի եւ Մատաղօրհնութիւն տեղի պիտի ունենայ։ Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին սոյն հոգեւոր հանդիսութեանց։ Հակիրճ տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութիւններու մասին։

Այցելուներ, ապա ուրախութեամբ ծանուցանեցին թէ՝ Հինգ հատորներէ բաղկացեալ «Յուշամատեան Գատըգիւղի» աշխատասիրութիւնը, լոյս տեսած էր։ Թէ՛ Ս. Զատիկի ուրախութիւնը առիթ համարելով, թէ՛ մատաղօրհնութեան սեմը օգտագործելով, այցելուներ ընտրած էին այս շաբաթը։ Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասն ու թաղային խորհուրդը, հրատարակուած առաջին նմոյշը կը ներկայացնէին Պատրիարքական Աթոռոյ։

Հրատարակութիւնը գրի առնուած է՝ նոյնինքն եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայի ձեռամբ։ Նիւթերու պարունակութեանց համաձայն գլխաւորումներ եղած են եւ կը ներկայացուին Գատըգիւղի անցեալը, Եկեղեցական կեանքը, կրթական կեանքը, մշակութային գործունէութիւնները, բարեսիրական հաստատութիւնները, եւլն.

Աշխատասիրութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ գլխաւորումներէ.
Հատոր Ա- «Քայլեր Գատըգիւղի անցեալէն մինչեւ այսօր»
Հատոր Բ- «Գատըգիւղի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր սպասաւորները»
Հատոր Գ- «Վարչական դէմքեր եւ օժանդակութեան առաքելութիւն Գատըգիւղի»
Հատոր Դ- «Կրթական եւ միութենական հաստատութիւններ»
Հատոր Ե- «Յիշարժան դէմքեր»

Լոյս ընծայուած է Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Երրորդ Վերաշինութեան (1857) 150 ամեակի, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Երկրորդ Վերաշինութեան (1814) 200ամեակի, Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի Կազմութեան (1938) 75 ամեակի եւ Արամեան Ունճեան Վարժարանի Բացման (1873) 140 ամեակի առթիւ։ Գիրքը տակաւին հրապարակ չէ իջած։ Կը ծրագրուի կազմակերպեալ գինեձօնով հանրութեան ներկայացնել սոյն աշխատութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, սոյն հատորներու աշխատութեան շրջանին, օգտագործուիլ սկսած էր Յովհաննէս Գալֆա անուն անձի մը օրագրութիւնները, որոնց մէջ կը ներկայացուէր աւելի քան150-200 տարի առջի Գատըգիւղի կեանքը։ Հեղինակ քահանայ հայրը, սոյն օրագրութիւնը հրատարակութեան պատրաստած էր եւ որպէս Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակութիւն լոյս տեսած էր «Յուշապատում» գիրքը։

Արամ Արքեպս. նախ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։ Ապա, անդանրադարձաւ «Յուշամատեան Գատըգիւղի» աշխատասիրութեան եւ ըսաւ թէ. հսկայ աշխատութեան մը արդիւնքը յայտնի կ՚ըլլար։ Սրբազան Հայրը, գնահատեց կատարուած աշխատութիւնը։