Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

22141257_838429922983559_6462839732722263545_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 4 Հոկտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի Սանուց Միութեան ներկայացուցիչները՝ ատենապետ Արետ Աքքուշ եւ Մասիս Սասուն Քափը։ Հանդիպման ներկայ եղան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Վարուժան Պուլկան եւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Երիտասարդ հիւրերը, շնորհաւորեցին Տեղապահ Սրբազանը, որ եղած է վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր նոր պաշտօնին մէջ։ Քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ անոնք տեղեկութիւն տուին իրենց մշակութային գործունէութեանց մասին։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ողջունեց ներկաները եւ լսեց իրենց ծրագիրները։ Նորին Սրբազնութիւնը իր ծով փորձառութենէն մեկնելով, յորդորներ ուղղեց երիտասարդներուն։ Յայտնեց թէ՝ Դպրեվանք Սանուց Միութիւնը պէտք է ծաւալեր լուրջ եւ որակաւոր աշխատանքներ։ Սրբազան Հայրը, հանդիպման աւարտին օրհնեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։