Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

12640431_533865606773327_4940569428452369983_oՍ. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Թորոս Ալճանի, 29 Յունուար 2016, Ուրբաթ, ժամը 09.30-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, յայտնեցին որ 31 Յունուար 2016, Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուէր Ս. Խաչ Դպրեվանքի հիմնադիր վանահօր՝ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Պատրիարք Խաչատուրեանի, ինչպէս նաեւ վարժարանի հանգուցեալ կրթական մշակներուն եւ սատարողներուն հոգւոցն ի հանգիստ։ Յաւարարտ Ս. Պատարագի, Պէզճեան Սրահին մէջ, պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Խաչ Դպրեվանքի։ Աշխարհիկ ու հոգեւոր հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը, գնահատեց վարժարանի վարիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։