Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը 6 Յունուար 2019, ժամը 15.00-ին Ս. Ծննդեան Տօնի առթիւ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի կից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան Սրահին մէջ։

 

Քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներու, քաղաքապետութեանց, կուսակցութեանց եւ քաղաքական գործիչներու շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունուին 8 Յունուար 2019, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-14.00-ի միջեւ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

 

Իսկ Տիկնանց Կազմերու շնորհաւորութիւնները՝ 8 Յունուար 2019, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ