ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐԵԼԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առթիւ շնորհաւորութիւնները կ՚ընդունի Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի.

6 Յունուար 2018, Շաբաթ

Համայնքային եւ թաղային մարմինները, դպրաց դասերը, միութիւնները, ժամը 15.00

8 Յունուար 2018, Երկուշաբթի

Քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ, Քաղաքապետութեանց, կուսակցութեանց եւ քաղաքական գործիչներ, ժամը 10.30 – 15.30

8 Յունուար 2018, Երկուշաբթի

Եկեղեցիներու, վարժարաններու, վաքըֆներու եւ միութիւններու Տիկնանց Կազմերու անդամներ,16.00