Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵՒ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայտնութեան Տաղաւարը այս տարի եւս տօնուեցաւ Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի Եկեղեցեաց մէջ։

Resim 1734ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ՝ ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆԻ ՄԷՋ
Ս. Ծննդեան ուրախութիւնը Իսքէնտէրունի մէջ սկսաւ 5 Յունուար 2015, Երկուշաբթի երեկոյեան։ Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, մանուկներ կատարեցին Ս. Գրային Ընթերցումները, որոնց աւարտին Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց երէց Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան, մանուկներու եւ երիտասարդներու կողմէ։ Արարողութեանց ներկայ եղաւ հոծ բազմութիւն մը։ Ս. Ծննդեան տօնակատարութեանց մասնակցելու համար Ատանայէն եւ Մէրսինէն եւս հաւատացեալներ փութացած էին Իսքէնտէրուն։ Տաղաւարի արարողութեան ներկայ եղան նաեւ քաղաքի Լատին Կաթոլիկ Միաբանութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Հայր Մաքսիմիլ Եանօյի, Իսքէնտէրունի Քաղաքապետ Սէյֆի Տինկիլ՝ հանդերձ իր իր պատուիրակութեամբ եւ Իսքէնտէրունի Լրագրողներու Միութեան Ատենապետ Շէհմուզ Ասլան։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Տ. Աւետիս Քահանան ընթերցեց Պատր. Ընդ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի Ս. Ծննդեան Պատգամը։ Տէր Հայրը, աւելի յետոյ խրատական մը խօսեցաւ եւ ըսաւ. «Եկէ՛ք օրինակ առնենք Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը եւ հեռանանք եսասիրութենէ ու անձնասիրութենէ։  Ան, որպէս փրկիչ աշխարհ եկաւ ծառայելու համար։ Մեր աչքերը յարե՛նք Մանուկ Յիսուսին եւ մտածե՛նք թէ ի՞նչ էր Աստուծայայտնութեան նպատակը։ Եթէ յաջողինք, աշխարհի վրայ կը թագաւորէ սէրն ու խաղաղութիւնը։ Առաջին պայմանն է թողուլ անձնասիրութիւնը եւ հեռանալ եսակեդրոն կեանքէն։ Աղօթենք որ Աստուծոյ սէրը թագաւորէ ամէնուրէք»։

Իր խօսքերու աւարտին, Տէր Հայրը ընթերցեց Հաթայի երեսփոխաններէն Օրհան Քարասայար եւ Մէհմէտ Ալի Էտիփօղլուի շնորհաւորական նամակները ու շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց։

Resim 1775Ս. Պատարագի ընթացքին, բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդութիւն ստացան։ Ապա, կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն, կնքահայրութեամբ՝ Անթուան Մըխճըի։ Արարողութեանց աւարտին, մանուկներ եւ երիտասարդներ, թափօր կազմեցին եւ միասնաբար Ս. Ծննդեան շարականներ երգեցին։ Հաւատացեալներ մոմեր ի ձեռին, կը հետեւէին արարողութեան եւ զիրար կ՚ողջունէին ըսելով. «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»։  Եկեղեցւոյ բակը տեղի ունեցաւ Տնօրհնէք, որուն աւարտին կտրուեցաւ նաեւ
Մէրսինէ եւ Ատանայէ ժամանած ուխտաւոր տիկիններու պատրաստած կարկանդակը։

Resim 1781Արարողութեանց աւարտին, Տէր Հայրը մասնաւորապէս գնահատեց մանուկ եւ երիտասարդ դպիրները, որոնք յաջողութեամբ ընթերցած էին Ս. Գրային Ընթերցումները եւ կատարած՝ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայտնութեան Տաղաւարը, 6 Յունուար 2015, Երեքշաբթի առաւօտ տօնուեցաւ Վաքըֆիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Ժամերգութիւնները սկսան 8.30-ին, իսկ 10.30-ին Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Տաղաւարի Ս. Պատարագը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գիւղաբնակ մանուկներու եւ երիտասարդներու կողմէ։ Արարողութեանց մասնակցեցաւ նաեւ հիւրաբար Վաքըֆգիւղ գտնուող, Իրաքահայ Բրշ. Արման Սրկ. Պալեան։ Տաղաւարի արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցիէն՝ Տ. Տիմիթրի եւ Տ. Ճան քահանայ հայրերը։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Տ. Աւետիս Քահանան ընթերցեց Պատր. Ընդ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի Ս. Ծննդեան Պատգամը։ Տէր Հայրը, աւելի յետոյ խրատական մը խօսեցաւ եւ ըսաւ. «Յիսուս Քրիստոս՝ խոնարհութեան լաւագոյն տիպարն է։ Ս. Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութիւնը, փաստն է այս գերագոյն խոնարհութեան։ Մենք, պէտք է օրինակ առնենք զայն ու հեռանանք անձնասիրութենէ։ Մենք պէտք է սիրենք ուրիշները, որպէսզի մեր գործերը Աստուածահաճոյ դառնան»։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն, կնքահայրութեամբ՝ Սարգիս Քարթունի։ Ապա, մանուկներ եւ երիտասարդներ, թափոր կազմեցին եւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականը երգելով եկան եկեղեցւոյ բակը։ Հակառակ ցուրտ օդին եւ տեղատարափ անձրեւին, այստեղ տեղի ունեցաւ Տնօրհնէք, որուն աւարտին ներկայ հաւատացեալներ զիրար ողջունեցին ըսելով. «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»։

v.köy 2015 2

v.köy 2015

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայտնութեան Տաղաւարի յաջորդ օրը, եւս Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Մեռելոցի Ս. Պատարագ։ Երգեցողութիւնները կատարեց Երէցկին Հայկանոյշ Թապաշեան։ Ս. Պատարագի աւարտին հաւատացեալներ հաւաքուեցան Վաքըֆգիւղի Հայոց Գերեզմանը՝ երբեմնի աւագերէցներ՝ Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Աւ. Քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն շուրջ եւ կատարուեցաւ պաշտօն գիւղի գերեզմանատան մէջ ննջող համայն հաւատացեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։