Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Kategori: Եկեղեցական

Ս. Ծննդեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ընկերակցութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի, հովուական այցելութիւն տուաւ գաւառի Հայ համայնքերուն։

ՍԻՎԱՍ
Գրիգոր Աւ. Քհնյ. 13 Յունուար 2014, Երկուշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցաւ Սիվաս եւ դիմաւորուեցաւ Երուանդ Տուրմազկիւլէր եւ Երուանդ Մըղտըսի կողմէ։ Նախ այցելութիւն տրուեցաւ քաղաքի Հայոց Գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Սիվասցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Գերեզմանատան ներքին ճանապարհները, Սիվասի Քաղաքապետութեան կողմէ կատարուած աշխատանքով կանոնաւորուած էին։

ժամը 14.30-ին, Գրիգոր Աւ. Քհնյ.,ընկերակցութեամբ Արթուն Սրկ.ի, Երուանդ Տուրմազկիւլէրի եւ Երուանդ Մըղտըսի քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Սիվասի Կուսակալութեան եւ ընդունուեցաւ կուսակալ Զիւպէյիր Քէմէլէքի կողմէ։ Աւելի քան մէկ ժամուայ զրոյցի ընթացքին, կուսակալը ընդգծեց կրօնական տօներու կարեւորութիւնը, որոնք առիթ կ՚ընծայէին փոխադարձ այցելութիւններու։ Յատկապէս քաղաքին մէջ կը տիրէր այս աւանդութիւնը, տարբեր հաւատքի տէր հայրենակիցնեու մօտ։ Անգամ մը եւս շնորհաւորեց Հայ Համայքի Ս. Ծննդեան Տօնը լաւագոյն մաղթանքներով։

sivas vali

Իսկ ժամը 17.30-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տրուեցաւ Սիվասի Քաղաքապետ Տօղան Իւրկիւփին։ Այցելութեան ընթացքին, շնորհակալութիւն յայտնեցին գերեզմանատան նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութեան համար։ Քաղաքապետը շեշտեց թէ՛ իւրաքանչիւր անհատ ունի ազատութիւն՝ ապրելու իր կրօնքը։ Ինք որպէս քաղաքապետ, իր հոգածութիւնը կը ցուցաբերէր քաղաքի Հայ Համայնքին, ամէն բանէ առաջ զանոնք նկատելով իբրեւ անբաժան եւ հարազատ տարրը այս երկրին եւ ի մասնաւորի Սիվաս քաղաքի։

Սիվասի Հայ համայնքի անդամները իրենց ուրախութիւնը կը յայտնէին որ թէ՛ կուսակալը եւ թէ՛ քաղաքապետը Տօնական առիթներով անձամբ կ՚այցելէին ու կը շնորհաւորէին զիրենք։

Տէր Հայրը ապա այցելեց քաղաքի անկողնոյ ծառայող տարեց երկու անդամները եւ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց անոնց։ Ժամը 20.30-ին Համայքի անդամներ մասնակցեցան մատուցուած առտնին Ս. Պատարագին, որու աւարտին կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, կնքահայրութեամբ՝ Արտա Թոկաչի։ Արարողութեանց աւարտին ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ եւ Տէր Հայրը Ս. Ծննդեան մասին խրատական մը խօսեցաւ ընդգծելով Քրիստոսի յայտնութեան կարեւորութիւնը։

dzununt sivas

ՄԱԼԱԹԻԱ
14 Յունուար 2014, Երեքշաբթի, Գրիգոր Աւ. Քահանան եւ Արթուն Սարկաւագ վերադարձան Ստանպուլ ու նոյն գիշեր օդային ճամբով մեկնեցան Մալաթիա ու Սարգիս եւ Արետ Պօյաճը եղբայրներու կողմէ առաջնորդուեցան իրենց մեծ հօր՝ Վահէ Պէնկիի բնակարանը։

Չորեքշաբթի առաւօտուն, այցելեցին Մալաթիոյ Հայոց Գերեզմանատունը, ուր կատարեցին ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Մալաթիացիներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Գերեզմանատան Ս. Յարութիւն Աղօթարան Մատրան մէջ պատրաստական աշխատանքներէն յետոյ, այցելեցին Մալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Վանքի եկեղեցին, ուր կը շարունակուէին վերանորոգութեան աշխատանքները։

Ժամը 15.00-ին, Ս. Յարութիւն Աղօթարան Մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արթուն Սրկ., Սարգիս Պօյաճը, Արետ Պօյաճը, Ռոպէրթ Թապաշ եւ Ալէքս Թապաշ։ Նախ քան Տէրունական Աղօթքը Տէր Հայրը խօսեցաւ խրատական եւ յիշեցուց Քրիտոսի առաքելութեան կարեւորութիւնը մարդոց փրկութեան համար։ Յաւարտ Ս. Պատարագի ներկայ հաւատացեալներ մոմեր ի ձեռին հետեւեցան «Փառք ի բարձունս»ի արարողութեան։ Ապա տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք, համայքի երիցագոյն անդամներէն Վահէ Պէնկիի կնքահայրութեամբ։ Արարողութեանց աւարտին, ներկայ հաւատացեալներ բոլորուեցաւ սիրոյ սեղանի շուրջ։

dzununt malatya 2

Հինգշաբթի առաւօտուն, Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ Արթուն Սրկ,, ցամաքի ճամբով Սէրտար Պօյաճը եւ Քէնան Վարթանալըի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Էլազըղ։

Ճամբու վրայ հանդիպեցան Մալաթիոյ Բժշկական Ֆաքիւլթէի հիւրանոցը եւ այցելեցին Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թավրայի, որ կը բոլորէր յետ վիրաբուժական գործողութեան ապաքինման շրջանը։ Տէր Հայրը բժշկութեան աղօթք արտասանեց եւ մաղթեց որ ի մօտոյ իր առողջութիւնը վերագտած ըլլալով դարձեալ ձեռնարկէր իր եկեղեցանուէր գործունէութեան։

ԷԼԱԶԸՂ
16 Յունուար 2014, Հինգշաբթի միջօրէին, անոնք դիմաւորուեցան քաղաքի համայնքէն Եթքին Եաղճըի կողմէ եւ առաջնորդուեցան հիւրանոց։

Ժամը 19.00-ին քաղաքի հայ համայնքի անդամները մասնակցեցան մատուցուած առտնին Ս. Պատարագին, որուն աւարտին կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, կնքահայրութեամբ Արտա Ալըշի։ Ապա, ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ, ուր խրատական խօսեցաւ Տէր Հայրը եւ թելադրեց կարեւորութիւն ընծայել Ս. Գրքի ընթերցման եւ մանաւանդ իւրացնել Աւետարանի պատգամը։ Յիշեցուց Քրիստոսի «Ես եմ որթատունկը եւ դուք ճիւղերը» խօսքը եւ  շեշտեց ճշմարիտ որթատունկին՝ Քրիստոսի ճիւղերը դառնալու կարեւորութիւնը։

dzununt elazig

Ուրբաթ միջօրէին, ժամը 12.30-ին համանքի անդամներ համախմբուեցան Խուլվէնք Գիւղի Հայոց Գերեզմանատան մէջ, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Էլազըղցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ապա, Տէր Հայրը այցելութիւններ տուաւ համայքի անդամներուն։

Նոյն գիշեր ժամը 22.00-ին Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ Արթուն Սրկ. օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։

Մօտաւորապէս շաբթուան մը այցելութեան ընթացքին Սիվասի, Մալաթիոյ եւ Էլազըղի Հայ Համայքներու անդամները մեծապէս ուրախ էին, մասնակցած ըլլալով Ս. Ծննդեան առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագներուն եւ ստանալով՝ Ս. Հաղորդութիւն եւ վայելելով Ջրօրհնեքի արարողութիւնը։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։