Ս. ՆՈՒՆԷ ԵՒ Ս. ՄԱՆԷ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

49Ս. Նունէ եւ Մանէ Կոյսերու Տօնը 31 Մայիս Երեքշաբթի առաւօտնշուեցաւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, ուրարարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Եկեղեցինլեցուած էր ուխտաւոր ժողովուրդի բազմութեամբ, իսկ ԹաղայինԽորհուրդի անդամները ներկայ էին լրիւ կազմով, գլխաւորութեամբԱտենապետ՝ Իսկենտէր Շահինկէօզի։

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւըսաւ թէ Մանէ եւ Նունէ, Հռիփսիմեանց կոյսերու խումբէն էին, որոնքերբ արեւմուտքէն ճամբայ ելան, 70 հոգի էին։ Այս խումբը նախԵգիպտոս, յետոյ Երուսաղէմ այցելեց։ Կոյսերը իրենց ուխտըկատարեցին Երուսաղէմ, Բեթղեհէմի Այրին մէջ եւ Գեթսեմանիի Ս.Աստուածածնի գերեզմանին առջեւ։ Յետոյ հասան Վան եւհաստատուեցան Վարագ Լերան վրայ։ Ճամբան ուրիշ տեղգացողներէն երկուքին անունները միայն պահուած են պատմութեանմէջ։ Անոնցմէ մէկն է Նունէ, որ Աստուծոյ նախախնամութեամբառաջնորդուեցաւ Վրաստան եւ եղաւ անոնց առաքելուհին եւլուսաւորիչը ու ամբողջական դարձի պատճառ եղաւ. բժշկելով իրենցՆանա Թագուհին եւ ազատելով Միհրան Թագաւորը՝ որսի մըընթացքին։

Իսկ Մանէ, զատուելով իր ընկերուհիներէն գնաց Եկեղեաց գաւառը։Այնտեղ, Սեպուհ Լերան վրայ յարմար քարայր մը գտնելով սկսաւճգնաւորական կեանք ապրիլ։ Այնտեղ հրեշտակային կեանք մըապրեցաւ՝ սիրով եւ համբերութեամբ, աղօթքով եւ ճգնութեամբ։

Տարիներ յետոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, նշմարեց այս քարայրը, ուր կըճգնէր Մանէ։ Մանէ ձայնեց, ըսելով. §Մի՛ մօտենար այրին, երեք օրյետոյ եկուր¦։ Երբ Լուսաւորիչ երեք օր յետոյ վերադարձաւ, արդէնվախճանած գտաւ Սրբուհին, զոր աղօթքով թաղեց նոյն այրին մէջ եւինք ճգնեցաւ այդ քարայրին մէջ, որ անկէ յետոյ կաչուեցաւ §ՄանեայԱյր¦։
Մեր Հոգեւոր Պետը յատկապէս շեշտեց, որ պէտք է դաս առնել Նունէիեւ Մանէի վարքէն եւ մեր հաւատքը զօրացնել իրենց տիպարներով։

50Արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ ՍիրոյՍեղան։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Հմայեակ Քհնյ. Տունանեան։ Ապա արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ Ս.Նունէ եւ Ս. Մանէ Կոյսերու անունը կրող Տիկնանց Կազմի ատենապետՀայկանոյշ Փոլա, որ յայտնեց թէ Կազսը բոլորած էր իր տասնամեակըեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր աջակցողներուն։ Հոգշ. Հ. ԶաքէոսԱբղ. Օհանեանի խօսքին աւարտին հուսկ բանքը ըրաւ Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը եւ գնահատեց Օրթագիւղի մէջ տարուածաշխատանքները եւ շեշտեց, թէ դրական զարգացումներկ՚արձանագրուին բոլոր աշխատողներու իրարու նկատմամբ սնուցածսիրոյ եւ յարգանքի առողջ տրամադրութեամբ։ Տէրունական Աղօթքովվերջ գտաւ Սիրոյ Սեղանը։