Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԷՆԹ ԷՍՓՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

papa badarak

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ՝ Ն.Ս. Ֆրանսիսկոս Սրբազան Պապը, 29 Նոյեմբեր 2014, Շաբաթ, Ստանպուլի Պապական Փոխանորդարանի Աթոռանիստ Սէնթ Էսփրի Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագ մատուցանեց, մասնակցութեամբ քաղաքիս կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ հովիւներուն։

Սոյն պատարագին ներկայ եղան նաեւ քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը կամ իրենց ներկայացուցիչները։  Յանուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ համայնքին սոյն բացառիկ հոգեւոր հանդիսութեան ներկայ եղան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռոյ Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նկարեց՝ Մելքոն Սահակօղլու

Papa - Aram Srp.

Papa - Aram Srp