Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Կրօնական

549454_522687584557796_4262476570382888460_nԸստ աւանդութեան, այս տարի եւս Ս.Ստեփանոս Նախավկայի նախատօնակը կատարուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանցեկեղեցւոյ մէջ 25 Դեկտեմբեր 2015, Ուրբաթ երեկոյեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան, քահանայ հայրեր,սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ։

Կանոնական երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ նախատօնակ։ Արարողութեանց աւարտին հանդիսապետ Հայր Սուրբը աւուր պատշաճի քարոզեց եւ թելադրութիւններ ըրաւ ներկայ սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն։ Յիշեցուց թէ սարկաւագութիւնը եկեղեցւոյ վսեմ պարտականութիւններէն է եւ կը պահանջէ բարձր պատասխանատուութիւն։ Սարկաւագութեան կոչուած անձեր, միշտ պէտք է յիշեն իրենց կատարած ուխտերը։ Մեծ պատիւ է ան եւ ենթականերէն կը պահանջէ տուրք մը, որ է ուխտին հաւատարիմ մնալով եկեղեցւոյ սպասարկութիւն։ Ցաւօք սրտի, յիշեցուց թէ Պատրիարքական Աթոռը 68 սարկաւագ եւ կիսասարկաւագներ ունենալով հանդերձ, արարողութեան ներկայ կը գտնուէին մօտաւորապէս կէսը։ Իր խօսքերու աւարտին, Հայր Սուրբը շնորհաւորեց ներկայ սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները, մաղթելով ի Տեառնէ կարողութիւն իրենց ծառայութեանց մէջ։

Արարողութեան աւարտին սարակաւագներու եւ կիսասարկաւագներու նուիրուեցան Պատրիարքական Աթոռոյս 2016ի Եկեղեցական Օրացոյցը եւ «Temel İlkeleriyle Hristiyanlık» գիրքը։