Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

15723781_686609428165610_7773055980432657662_oԸստ աւանդութեան, այս տարի եւս Ս.Ստեփանոս Նախավկայի նախատօնակը կատարուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանցեկեղեցւոյ մէջ 25 Դեկտեմբեր 2016, Կիրակի երեկոյեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, քահանայ հայրեր,սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ։

Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ նախատօնակ։ Արարողութեանց աւարտին հանդիսապետ Հայր Սուրբը աւուր պատշաճի քարոզեց եւ թելադրութիւններ ըրաւ ներկայ սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն։ Իր խօսքերու աւարտին, Հայր Սուրբը շնորհաւորեց ներկայ սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները, մաղթելով ի Տեառնէ կարողութիւն իրենց ծառայութեանց մէջ։

Արարողութեան աւարտին սարակաւագներու եւ կիսասարկաւագներու նուիրուեցան Պատրիարքական Աթոռոյս 2017ի Եկեղեցական Օրացոյցը։