Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ

Kategori: Եկեղեցական

 toplu isdepanosԸստ աւանդութեան, Ս.Ստեփանոս Նախավկայի նախատօնակը այս տարի եւս կատարուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ 24 Դեկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի երեկոյեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ.Զատիկ Աբղ. Պապիկեան, քահանայ հայրեր,սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ։Կանոնական երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ հանդիսաւոր նախատօնակ։

Արարողութեանց աւարտին Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ.Վարդապետ աւուր պատշաճի քարոզեց, թելադրութիւններ ըրաւ սարկաւագներուն եւ ընդգծեց սարկաւագական աստիճանի կարեւորութիւնը, ըսելով. « Սարկաւագութիւնը եկեղեցւոյ մէծ աստիճաններու առաջինն է եւ այս առումով բարձր պատասխանատուութիւն կը պահանջէ։ Այս տարի կատարուած ձեռնադրութիւններով Պատրիարքական Աթոռոյ սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասերու անդամներու թիւը բարձրացաւ։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել որ կատարուած իւրաքանչիւր ձեռնադրութիւնը ո՛չ թէ ենթակային, այլ՝ եկեղեցւոյ փառքին կը ծառայէ։ Վա՜յ այն սպասաւորին որ իր աստիճանը կը շահագործէ իր փառքին համար եւ վա՜յ անոր որ իր աստիճանով պատճառ կը դառնայ հաւատացեալներու գայթակղման։ Այսպիսիներ երբեք հաճելի պիտի չըլլան յաջս Աստուծոյ։ Ենթականեր երբ աստիճանի մը ստանալու կ՚արժանանան, պարտաւոր են աւելի լաւ օրինակներ դառնալու, որպէսզի ուրիշներ եւս տեսնելով իրենց վարքը մօտենան եկեղեցւոյ սպասարկութեան։ Սարկաւագին պաշտօնը եկեղեցւոյ մէջ սահմանափակած չէ միայն։ Միշտ յիշենք Ս. Ստեփանոսը, որ իր կենցաղով եւ Աստուածապաշտութեամբ լաւագոյն օրինակն էր սարկաւագութեան՝ ծառայութեան»։

Հայր Սուրբը իր խօսքերու աւարտին շնորհաւորեց բոլոր սարկաւագներու տօնը ու մաղթեց անոնց արեւշատ ու երկար ծառայութեան տարիներ։

Արարողութեան աւարտին ներկայ հոգեւորականներ, սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ, «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» տաղի երգեցողութեամբ, թափօրով դուրս ելան։

 

  • toplu isdepanos
  • 1
  • 7
  • 8
  • 4
  • 6
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 15
  • 2