Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

ferikoy vartanantsՖէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները, դասուն փոխ-նախագահ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, 11 Փետրուար 2015, Չորեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձ. Տ. Արամ Արքեպիսկ. Աթէշեանի կողմէ։

Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին տօնախմբել Դպրաց Դասուն հիմնադրութեան 106, իսկ երգչախումբին կազմութեան 83.րդ կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ։ Անոնք, եկած էին խնդրելու Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը ու Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ տարեդարձը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն։