Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

ferikoy koroՖէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ դասուն նախագահ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ փոխ-նախագահ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, 25 Փետրուար 2014, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձ. Տ. Արամ Արքեպիսկ. Աթէշեանի կողմէ։

Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին տօնախմբել Դպրաց Դասուն հիմնադրութեան 105, իսկ երգչախումբին կազմութեան 82.րդ կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ։ Անոնք, եկած էին խնդրելու Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը ու Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Յայտնեց որ ընդառաջելով եղած խնդրանքին, ներկայ պիտի գտնուի Դպրաց Դասու Տօնախմբութեան։ Այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ տարեդարձը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն։