ՎԱԳԸՖԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

vakıflıkoyՎագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խուրհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար, մատաղի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Միհրան Ուլիկեան եւ Նազար Պինաթլը, 19 Օգոստոս 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները նախ տեղեկութիւններ տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Ապա, յայտնեցին թէ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս անհրաժեշտ կը նկատուէր բարենորոգման կարգ մը աշխատանքներ կատարել։ Այս առումով, անոնք փափաքած էին բացառաբար մատաղօրհնութիւն մը կատարել Ստանպուլի մէջ եւ օժանդակութեանը դիմել Ստանպուլի մերազն ժողովուրդին։ Վագըֆգիւղի Եկեղեցւոյ ի նպաստ մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 31 Օգոստոս 2014, Կիրակի, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Այցելուները, կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը մասնակցելու համար արարողութեանց։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Մաղթեց որ պէտք եղած գումարը հաւաքուի եւ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս հարկաւոր բարենորոգութիւնները կատարուին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։