ՎԱՆԱՁՈՐԷՆ ՔԱՂԱՔՍ ԺԱՄԱՆԱԾ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՒ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական
14700980_645158592310694_7295130191308472383_oՀայաստան Վանաձորի Կամերային երգչախումբը, որ նաեւ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասն է, առաջնորդութեամբ Տիկին Ռուզաննա Մխիթարեանի եւ Վանաձորի Հորովել Երգի Պարի Անսամբլի Մանկապատանեկան Պարային Խումբը, առաջնորդութեամբ Տիկին Արմնենուհի Դիլանեանի ու Արմեն Ներսիսեանի, 11 Հոկտեմբեր 2016, Երեքշաբթի, ժամը 10-ին, այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արեպս. Աթէշեանի կողմէ։
 
Արսէն Աւետիսեանի գլխաւորած պարախումբն ու երգչախումբը մասնակցութիւն բերած էին Պուլկարիոյ մէջ կազմակերպուած փառատօնին եւ Պոլսոյ վրայէն ծրագրած էին Հայաստան վերադառնալ: Խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Արմէն Սրկ. Ներսիսեան։
 
Այցելուները Պոլսոյ Հայ համայնքին մասին տեղեկութիւններ ստացան Նորին Սրբազնութենէն: Ապա անոնց մէջէն 11 հոգիներ որոնք նախապէս չէին մկրտուած, Սրբազան Հօր կարգադրութեամբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մկրտուեցան:
 
Հիւրերը երեկոյեան համեստ ճաշով մը հիւրասիրուելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար եւ իրենց հանրաշարժով մեկնեցան դէպի Հայաստան:
14543885_645158588977361_8466062451000285339_o