ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱՒԱՆ ԱՂՕՐՀՆԷՔ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ 15 Օգոստոս 2020, Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Վերափոխման Տաղաւարի աւանդական մատաղօրհնութեան եւ գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ «Աղօրհնէք»։

Արարողութեանց մասնակցեցան Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Բրկ. Արտա Կսրկ. Փընարճը, Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպ. Պաղտասարեան։

HATAY AGHORHNEK

Նախ կատարուեցաւ կանոնական Երեկոյեան Ժամերգութիւն ու ապա կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ Եկեղեցւոյ բակը, ուր կատարուեցաւ Աղօրհնէքի կարգը։ Այս աղը պիտի խառնուի եփուելիք աւանդական եօթը կաթսայ հարիսային, որոնց կրակները պիտի վառուին ուշ գիշեր։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց Եկեղեցւոյ դրան մուտքին զետեղուած «կոչնակ»ը ու հնչեցուց նաեւ զայն։

Արարողութիւնները վերջ գտան «Պահպանիչ» աղօթքով։

Video: https://www.facebook.com/127576530735572/videos/587830461861079