ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԵԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

vakiflikoy asdvadzadzin (1)

Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնները այս շաբաթավերջին տեղի ունեցան մեծ ոգեւորութեամբ։ Արարողութեանց մասնակցելու համար, Պատրիարքական Ընդ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 15 Օգոստոս, Շաբաթ,մեկնեցաւ Հաթայ, ուր դիմաւորուեցաւ Հաթայի Ս. Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհն. Թապաշեանի, Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Կարպիս Քըսատուրի եւ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափարի կողմէ։ Տօնական ուրախութեան բաժնեկից դառնալու համար բազմաթիւ ուխտաւորներու առընթեր, Վաքըֆգիւղ եկած էին նաեւ Ստանպուլի երեսփոխաններ Կարօ Փայլան եւ Սէլինա Տօղան, ինչպէս նաեւ Վաքըֆներու Խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճան։

vakiflikoy asdvadzadzin (2)Սրբազան Հայրը, նոյն օրը ժամը 15.30-ին մասնակցեցաւ, Արտէն Քարատաշի Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութեան, որմէ յետոյ Տէր Հօր ընկերակցութեամբ հասաւ Վաքըֆգիւղ։ Այստեղ, յաւարտ երեկոյեան ժամերգութեան տեղի ունեցաւ աղօրհնէք։

Նոյն երեկոյեան, գիւղի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական խրախճանք։ Ներկաներ երաժշտութեանց ընկերակցութեամբ, ժողովրդական պարերով զուարճացան։

Յաջորդ օրը, Կիրակի, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարը տօնուեցաւ հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Արամ Արքեպիսկոպոս, իսկ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Աւետիս Քահանան։ Ժամը 10.00ին սկսած Ս.Պատարագը երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպրաց կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Գրիգոր Ուր. Դպ. Մէշալէճանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Բրշ. Արման Սրկ. Պալեան, գիւղաբնակ երիտասարդներ Բրկ. Արէն Դպ. Քուշ եւ Բրկ. Արամ Դպ. Մանճա։

Տէրունական Աղօթքէ առաջ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց, շնորհաւորելով բոլոր տիկիններու տօնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց աշխարհի խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը։ Խօսքերու աւարտին, ընդառաջելով Տեղւոյն երէց՝ Տ. Աւետիս Քահանայ Հօր խնդրանքին ու գնահատելով Բրկ. Արէի Դպ. Քուշի եկեղեցանուէր ծառայութիւնը, իրեն շնորհեց ուրարակրութեան արտօնութիւն։

Արարողութեանց աւարտի կազմուած թափորը շարականներու երգեցողութեամբ եկաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէք։ Թափորը, յաջորդաբար, մօտեցաւ հարիսաներու կաթսաներուն առջեւ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն։ Այստեղ, հանգստեան աղօթքներով յիշուեցան եկեղեցւոյ հանգուցեալ հիմնադիրներն ու սատարողները։

Եvakiflikoy asdvadzadzin (3)կեղեցական արարողութեանց աւարտին, գիւղի հիւրանոցի պարտէզը սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Սրբազան Հօր եւ Տէր Հօր առընթեր, մասնակցեցան նաեւ Հաթայի երեսփոխան Սէրքան Թօփալ, Ստանպուլի երեսփոխաններ Կարօ Փայլան եւ Սէլինա Տօղան, Հաթայի Մայր Քաղաքապետ Լիւթֆիւ Սավաշ, Սամանտաղի Գաւառապետ Ճահիտ Չէլիք, Սամանտաղի Քաղաքապետ Միթհաթ Նէտիր եւ օգնականը Մէհմէտ Ալի Քամաճը, Դատաւոր Ճէմ Քօթայ, Սամանտաղի Ապահովութեան Տնօրէն Հալիլ Քարապաճաք, ինչպէս նաեւ Ստանպուլէ եւ արտասահմանէ ժամանած հիւրեր։

vakiflikoy asdvadzadzin (4)Սրբազան Հայրը, նոյն օրը վերադարձաւ Ստանպուլ։

Իսկ, Երկուշաբթի առաւօտ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի Մեռելոցին առթիւ, Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ Տէր Աւետիս Քհնյ.ի։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Բրկ. Արէն Ուր. Դպ. Քուշ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Գրիգոր Ուր. Դպ. Մէշալէճեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի այցելութիւն տրուեցաւ գիւղի գերեզմանատունը, ուր հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան հանգուցեալ Վաքըֆգիւղցիները։