ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՑ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

vakiflikoy kesapՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 14 Ապրիլ 2014, Աւագ Երկուշաբթի, իր հետ ունենալով Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, օդային ճամբով մեկնեցաւ Անտիոք։

Նորին Սրբազնութիւնը եւ Հայր Սուրբը, օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի եւ Իսքենտերունի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի կողմէ։ Անոնք, աւելի վերջ հասան Վաքըֆգիւղ եւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։   Հոգեւոր հայրեր աւելի վերջ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Քեսապցի հայերու հետ հանդիպում ունեցան, որուն ընթացքին Ստանպուլահայութեան եւ համայնքային հաստատութեանց զօրակցութիւնը յայտնեցին եւ իրենց կարիքներն ու փափաքները լսեցին։ Նորին Սրբազնութիւնը ի միջի այլոց ըսաւ. «Մենք այստեղ կը փափաքէինք Ձեզի այլ ուրախ առիթով հիւրասիրել, սակայն կացութիւնը յստակ է եւ մենք կ՚ուզենք որ դուք այստեղ զգաք ձեզ իբրեւ ձեր հարազատ տան մէջ։ Մենք պատրաստ ենք ձեզի օժանդակելու եւ արդէն իսկ քայլեր առնուած են։ Բարի եկած էք։ Ձեր երդիքն է այստեղ, որքան ատեն որ կը կամենաք»։

Պէտք է յիշեցնել թէ այսօր Քեսապէն Վագըֆգիւղ ապաստանածներու թիւը կը կազմէ 22 հոգի, որոնցմէ 17 հոգի փափաք յայտնած են մեկնիլ Լիբանան եւ կամ Լաթաքիա։ Անոնց մեծամասնութիւնը տարեցներէ կը բաղկանան։ Այս ծիրէն ներս պետական օժանդակութեամբ եւ յատուկ կարգադրութեամբ, անոնք պիտի մեկնին Լիբանան եւ կամ Լաթաքիա, իրենց հարազատներու մօտ։ Իսկ 5 հոգիներ փափաք յայտնած են հաստատուիլ Վաքըֆգիւղի մէջ։ Պէտք է յիշել որ Արտաքին Գործոց Նախարար Ահմէտ Տավութօղլու, յանուն կառավարութեան կարեւոր աջակցութիւն եւ լուծումներ կ՚որոնէ ի նպաստ Քեսապի Հայ Ժողովուրդին, որոնք ապաստանած են Վաքըֆգիւղ։

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կայացած հանդիպման մասնակցեցան նաեւ տեղւոյն Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար, Սամանտաղի գաւառապետ Սիւլէյման Էօզչաքըճը, Սամանտաղի ոստիկանապետը եւ շրջանի զինուորական հարիւրապետը։ Գաւառապետը եւ ընկերներն ալ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով ըսին թէ միշտ քովն են նեղութեան մէջ գտնուող դրացի ժողովուրդին։ Ներկաներ, մի առ մի զրուցեցին Քեսապահայերու հետ։ Անոնք, ամբողջ օր միասին ժամանակ անցուցին թէ գիւղի համայնքի անդամներուն եւ թէ Քեսապահայերու հետ։ Հարկ է նշել, անոնք թէ պետական աւագանիին, թէ գիւղացիներուն, թէ Ստանպուլահայութեան եւ թէ այս երկրի հայրենակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հետաքրքրութեան համար։ Երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Նորին Սրբազնութեան որ այցելութեան եկած էր։

Վաքըֆգիւղ ապաստանած Քեսապահայոց ի նպաստ, Հայոց Պատրիարքարանի գլխաւորած մարդասիրական օժանդակութիւնը կը շարունակուի։

Նորին Սրազնութիւնը եւ Հայր Սուրբը 15 Ապրիլ 2014, Աւագ Երեքշաբթի պիտի վերադառնան Ստանպուլ։