ՎԱՔԸՖԳԻՒՂ ԿՐԿԻՆ ՊԱՏՈՒԻ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ – Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ընդունեց Գիւղի Ներկայացուցիչը

Kategori: Համայնքային

44Հաթայ նահանգի մայրաքաղաք Անտիոքի կապուած, Սամանտաղգաւառակի Մուսա լերան լանջին վրայ թառած հայկականՎաքըֆգիւղը այս օրերուն կ՚արժանանայ կրկին պատիւներու։ Պիտիյիշուի, որ անցեալ տարի գիւղացիներու ձեռքբերած հողամշակմանբնապահպանութեան ձեռնարկումներու յաջողութեան պատճառաւՎաքըֆգիւղը, որպէս օրինակելի գիւղ, արժանացած էր ազգայինմրցանակի։ Թուրքիոյ Ողիմպիականի Ազգային Կոմիտէն եւս որոշած էՎաքըֆգիւղի Համագործակցական Ընկերութիւնը պարգեւատրելպատուոյ մրցանակով մը նոյն մարզէ ներս տարուած յաջողութեանհամար։ Երէկ, Վաքըֆգիւղի Համագործակցական ԸնկերութեանՎերստուգիչ Մարմնի անդամ դեղագործ Յակոբ Քարթուն Պոլիս կըգտնուէր Աթագիւղի մէջ սարքուած հանդիսութեան գիւղի անունովներկայանալու եւ ստանալու Ողիմպիականի Ազգային Կոմիտէիմրցանակը։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, երէկ ժամը 14.00-ին ԳնալըԿղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Յակոբ Քարթունը, որմիաժամանակ գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ նորընտիր ԹաղայինԽորհուրդի Բ. Ատենապետն է։

Յակոբ Քարթուն Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւնփոխանցեց Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդի ընտրութիւններուն,Գիւղապետութեան, Երիցանց Խորհուրդի, նորակազմ ԵկեղեցասէրՏիկնանց Կազմի եւ Վաքըֆգիւղի Համագործակցական Ընկերութեանմասին եւ գիւղացիներու անունով Պատրիարք Հայրը հրաւիրեց ԳիւղիՍ. Աստուածածնի աւանդական տօնակատարութիւններուն եւմատաղօրհնութեան։

Վաքըֆգիւղի Համագործակցական Ընկերութեան ջանքերով,Սամանտաղի գաւառապետութեան եւ այցելուներուօժանդակութեամբ, ի հիմանէ կը վերանորոգուի չորս սենեկանոցՇէմմասեան Տունը, որ պիտի ծառայէ որպէս յարմարաւէտ հիւրանոց։Համագործակցութիւնը որոշած է գիւղի հին եւ լքուած տուները, ըստկարելւոյն, մի առ մի նորոգութեան ենթարկել եւ մատուցելայցելուներու ծառայութեան փոխան համեստ գումարի մը։

Յակոբ Քարթուն արտայայտեց Վաքըֆգիւղցիներու շնորհակալութիւնըԱմեն. Ս. Պատրիարք Հօր մօտիկ հետաքրքրութեան եւհովուապետական ջերմ վերաբերմունքին համար եւ ըսաւ, որ գիւղիեկեղեցիին վերանորոգութենէն եւ պաշտամունքի վերաբացումէն յետոյգիւղին մէջ ամէն ինչ տակաւ փոխուիլ սկսած եւ դրական արդիւնքներըշօշափելի դարձած են։ Յատկապէս այցելու հոգեւոր հովիւներուանվերապահ ծառայութիւնը կը գնահատուի անխտիր բոլորգիւղացիներու եւ ընդհանրապէս Անտիոքի հայ համայնքին կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ՅակոբՔարթունի այցելութեան համար եւ իր հայրական օրհնութիւնները յղեցգիւղի ժողովուրդին, շնորհաւորեց գիւղի արժանացած նոր մրցանակը,նորանոր նուաճումներ մաղթեց Գիւղապետութեան, ԵրիցանցԽորհուրդին, նորընտիր Ծխական Խորհուրդին, նորակազմԵկեղեցասէր Տիկնանց Կազմին եւ Վաքըֆգիւղի ՀամագործակցականԸնկերութեան անդամներուն։