ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Փոքրամասնութեանց Վաքըֆներու Գրասենեակի կազմակերպած լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ 26 Նոյեմբեր 2019, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ղալաթիոյ Կեդրոնական Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ։

2019 GETRONAGAN SERGI

Ցուցահանդէսի նիւթն էր Թուրք, Հայ եւ Հրեայ ժողովուրդներէն, երեւելի եւ անցեալին հետք թողած կրթական մշակներու լուսանկարները։

2019 GETRONAGAN SERGI 3

Բացման մասնակցեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Հրէից Խախամապետ Ռաւ Իցհաք Հալէվա, Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմ եւ Փոքրամասնութեանց Վաքըֆներու Գրասենեակի Ներկայացուցիչ Մօրիս Լէվի, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կոկիկ թիւով հրաւիրեալներ։