ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԳԱԼՈՒՍՏ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԹԵՎԵԱՆԻ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

der kalusdԳուրուչէշմէյի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ նախկին երէցներէն՝ Տ. Գալուստ Աւ. Քհնյ. Թեւեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 25 Հոկտեմբեր 2013, Ուրբաթ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։  Ս. Պատարագին հանդիսապետեց ու վախճանեալ Տէր Հօր վերջին օծումը կատարեց Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Արարողութեանց ներկայ եղան նաեւ Պատրիարքական Աթոռի միաբան հայրերը, քահանայից դասու անդամները, ինչպէս նաեւ Տէր Հօր ընտանեկան պարագաները։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Ատրուշան Ուր. Դպ. Հալաճեանի։ Յընթացս Ս. Պատարագի, Նորին Սրբազնութիւնը վախճանեալ Տէր Հօր վերջին օծումը կատարեց ու դամբանախօսեց «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ Յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց» բնաբանով։

Նորին Սրբազնութիւնը իր խօսքին մէջ անդրադարցաւ յարութեան գաղափարին եւ ըսաւ. «Քրիստոնէական հաւատքի կեդրոնն է Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը, որուն շնորհիւ մեզի համար սկսած է նոր կեանք մը։ Ս. Յարութիւնը վառ պահեց մեր կեանքէն ներս յոյսի գաղափարը։ Յուղարկաւորութեան իւրաքանչիւր արարողութիւն առիթ է յիշելու Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը։ Իրաւ է որ մարդկային տկարութիւն է մեր սիրածներէն  բաժնուած ըլլալով յուզուիլ, սակայն Ս. Հոգւոյ առաջնորդութեամբ՝ Ս. Յարութեան յոյսն է որ մեզ կը մխիթարէ։ Այսօր, յաւիտենականութեան կը յուղարկուի, մօտաւորապէս 50 տարիներ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայած սպասաւոր մը յանձին Տ. Գալուստ Աւ. Քահանայի։ Աւազանի անունով Գեղամ Յովակիմ ծնած էր Սկիւտարի մէջ։ Իր հայրը եղած էր՝ մտաւորական անձ մը Բագարատ Թեւեան։ Տէր Հայրը, ի տղայ տիոց ընտանեկան յարկին տակ սնած էր հայ եկեղեցւոյ, հայ լեզուի եւ մշակոյթի աւանդական սրբութիւններով։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 1965ին, Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարքի ձեռամբ  Գուրուչէշմէյի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ վրայ։ Դժբախտաբար, Ստանպուլի մէջ իր սպասարկութեան տարիները շատ երկար չէին եղած։ Կեանքէ անկախ պատճառներով, 5 տարի յետոյ մեկնած էր Ֆրանսա եւ շարունակած էր քահանայագործել Նիսի Եկեղեցւոյ մէջ։ Ֆրանսայի իր ծառայութեան օրերուն,  կարօտը կը զգար Ստանպուլին։ Այս պատճառաւ ամրան արձակուրդի շրջաններուն կու գար եւ մեր եկեղեցիներուն մէջ արարողութեանց կը մասնակցէ։ Իր ծննդավայրը այնքան սիրած էր, որ կտակած էր Ստանպուլի մէջ թաղուիլ։ Այսօր, իր վերջին փափաքին համաձայն, յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կունենայ այս եկեղեցւոյ մէջ։ Իր մահուամբ հոգեւորականաց դասէն անդամ մը եւս կը պակսի։ Մաղթենք որ Աստուած եկեղեցւոյ ծառայելու կոչում ունեցող նոր մշակներ հանէ մեր ժողովուրդին մէջէն։ Աստուած Տէր Հօր հոգին լուսաւորէ եւ իր ընտանեկան պարագաներուն Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն պարգեւէ»։ Նորին Սրբազնութիւնը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ հոգեւորականաց դասու, ցաւակցութիւն յայտնեց Տէր Հօր երեցկնոջ եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։

Վերջին Օծման կարգէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Տէր Հօր օծեալ ճակատն ու աջը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին հանդիսապետեց՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ, որուն հանդիսապետեցեց՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան։ Հայ Եկեղեցւոյ վաստակաւոր սպասաւորին մարմինը ամփոփուեցաւ քահանայից թաղամասին մէջ։