ՎԵՐ. ՊԷՆԺԱՄԻՆ ՌԷԿԸՆԶՊՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ Կ՚ԱՌՆԷ ՍՏԱՆՊՈՒԼԷՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

Benjamin RensburՏաչ Չափըլի երէց՝ Վեր. Պէնժամին Ռէկընզպուր, 19 Յունիս 2015, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Վեր. Պէնժամին, 2001-էն ի վեր կը ծառայէր որպէս երէց Տաչ Չափըլի։ Ան, աւարտելով իր երկարատեւ պաշտօնավարութեան շրջանը կը մեկնէր իր նոր պաշտօնավայրը՝ Սկովտիա։ Նախ քան իր մեկնումը, փափաքած էր հրաժեշտի այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։

Նորին Սրբազնութիւնը, գնահատեց Վեր. Պէնժամինին երկարատեւ ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր յետագայի պաշտօններուն մէջ։ Յոյս յայտնեց թէ, Սկովտիայի մէջ եւս պիտի շարունակէր նոյն թափով ու աշխուժութեամբ ծառայել իր նոր առաքելութեան մէջ։