ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՆՈՐ ՇԷՆՔՈՎ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Պաքըրգիւղի Ծ. Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիր, Վարժարանի Տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի՝ Հերմինէ Պէնլիեան, 28 Յուլիս 2015, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Ներկաներ աւետեցին որ վարժարանի նոր շենքի կառուցման աշխատանքները արդէն իսկ աւարտման սեմին հասած էին։ Կատարուած աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ, Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին պաշտօնական բացման հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 14 Սեպտեմբեր՝ վերամուտին։ Պատրիարքական Աթոռոյս խնդրանք ներկայացուցին, որպէսզի սոյն բացման հանդիսութեան պետական աւագանիէն մասնակցութիւն ապահովէ։ Վարժարանի շինութեան ծախսերուն մեծ մասը դիմագրաւած են բարերարներ, իսկ մնացեալ բացը ամբողջացած է Թաղային Խորհուրդի ջանքերով։ Սրբազան Հայրը ուրախութիւն յայտնեց, վարժարանի մասին եղած դրական զարգացումները լսելով։ Յաջողութիւն եւ կարողութիւն  մաղթեց պատրաստական աշխատութիւններու մէջ։