ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 12 Սեպտեմբեր 2017, Երկուշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի յարակից Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց համայնքային վարժարաններու տնօրէնները, կրօնքի եւ Հայերէնի ուսուցիչները։ Տեղապահ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.Անուշեան եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։

21729396_1427247623995757_1243139487_n

Ընդունելութիւնը սկսաւ Տէրունական Աղօթքով եւ յաջողութեան մաղթանքով։ Ողջունի խօսքը արտասանեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ ուրախութիւն յայտնեց հանդիպման առիթով։ Ինք փափքն ունեցած էր ծանօթանալու համայնքային վարժարաններու տնօրէններու եւ մանաւանդ կրօնքի ու հայերէնի ուսուցիչներուն հետ։ Ան շեշտեց Հայախօսութեան եւ Հայերէնի նահանջը ու յայտնեց իր տեսակէտը խնդիրի բարելաւման համար։ Անդրադարձաւ ապա կրօնքի դասերուն եւ իրենց պարունակութեանց մասին։ Լսեց յիշեալ դասերու մասին ներկայ կրթական մշակներու արտայայտութիւնները եւ առաջարկները։ Կրօնքի դասերու մեծագոյն հարցն էր նիւթը աշակերտին փոխանցելու խնդիրը, որով ուսուցիչը ակամայ կը դժուարանար դասերու ընթացքին։ Այնուհետեւ յիշեցուց թէ, իւրաքանչիւր հարց կրնայ լուծում գտնել միասնական աշխատութեամբ եւ երկխօսութեամբ, ուստի կարեւոր էր տարբեր փորձառութիւնները նկատի ունենալ։ Ինք մասնաւորապէս շեշտեց եկեղեցւոյ կարեւոր ու անուրանալի դերը եւ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի մեծագոյն հաստատութիւնն է եկեղեցին։ Իր շնորհիւ հաւաքական կեանքը հովանի գտաւ ու միշտ ամուր հիմքերու վրայ հաստատուեցաւ։ Այսօր դժբախտաբար այս հովանիէն կը հեռանայ ժողովուրդը եւ կը տեսնենք թէ մնացեալ ամէն ինչ կը տկարանայ։ Պատմութեան մէջ կը տեսնենք թէ համայնքային անթիւ հաստատութիւններ վախճան ունեցան եւ ներկայիս գոյութիւն չունին, բայց եկեղեցին է այն միակ հաստատութիւնը որ ներկայ է տակաւին որպէս հայրը իր ժողովուրդին։ Այնուհետեւ մենք պէտք է վերյիշենք եկեղեցւոյ կարեւորուկթիւնը եւ կրկին յոյս ունենանք ապագայի մասին»։ Սահակ Եպիսկոպոս եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց ու ըսաւ. «Փոխանակ անցեալի մասին միշտ խօսելու եւ անյաջողութեանց մասին դժգոհելու, մտածենք ապագայի մասին։ Այսօրուայ հաւագոյթը յոյս պէտք է ներշնչէ բոլորիս։ Կարեւոր հաւաքականութիւն մը, տնօրէններ, ուսուցիչներ միասին ենք այսօր ու պէտք է խօսինք մեր ծրագիրներուն մասին։ Չյուսանք որ պիտի դառնանք յիսուն կամ հարիւր տարուայ եւ կամ ալ աւելի առաջուան սերունդներուն։ Մենք այլեւս աւելի տարբեր պիտի ըլլանք անոնցմէ, բայց որպէս Հայ եւ որպէս Քրիստոնեայ պիտի նմանի՞նք անոնց։ Պատասխանը մենք պիտի տանք ու պիտի գտնենք մեր ծրագիրներուն մէջ»։ Զաքէոս Ծ. Վարդապետ, յիշեցուց իր անցեալի փորձառութիւններէն ոմանք, ու ներկաները հրաւիրեց սերտօրէն մտածելու կրօնագիտութեանց մասին, քանի աւելի հանգիստ պայմաններ գոյութիւն ունին ներկայ դարուս։ Թաթուլ Ծ. Վարդապետ, տեղեկութիւններ փոխանցեց ԹԷՈԿի քննութեան եւ կրօնքի դասերուն ու դասագիրքերու մասին։ Ներկայ կրթական մշակներ, մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր, որուն հրաւէրով տնօրէններ ու կրթական մշակներ, Մեսրոպ Պատրիարքէ յետոյ առաջին անգամ ի մի հաւախմբուած էին Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ։ Անոնք եւս մաղթեցին որ նման առիթներ ստեղծուին եւ կրթական մշակները համախմբուին։ Այնուհետեւ, անոնք եւս հակիրճ տեղեկութիւններով ծանօթացուցին իրենց փորձառութիւնները։

Հաւագոյթը իր աւարտին հասաւ, Տեղապահ Սրբազան Հօր արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով։