ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԵՐ ՊԱՐԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ» ԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 11 Օգոստոս 2019, Կիրակի, յետ միջօրէին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց «Մեր Պարերը եւ Մենք» խումբի ներկայացուցիչներէն՝ Սեւան Աթաօղլուն, Մարալ Սայկընը, Թալին Ճանճիկն ու Զուարթ Արթունը։

Այցելուներ, նախ ծանօթացուցին «Մեր Պարերը եւ Մենք» խումբը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց աշխատութեանց մասին։ Անոնք յայտնեցին, թէ խումբը Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի առաջնորդութեամբ, ձմրան շրջանին Պոլսոյ տարբեր թաղերուն մէջ իր գործունէութիւնը կը շարունակէ՝ ժողովուրդի մէջ արթնցելու համար Հայկական պարի հետաքրքրութիւնը։ Անոնք, ամրան շրջանին մասնաւորապէս իրենց գործունէութիւնը կը շարունակեն Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Հիւրերը յայտնեցին, թէ իրենց համար երջանկութիւն է նաեւ տարբեր առիթներով հիւրասիրել Հայաստանէ եւս ժամանած քոյր պարախումբերը։ Անցեալ  տարի եւս նման առաջադրութեամբ հիւրասիրած էին խումբ մը, որով թէ՛ հիւրերը եւ թէ՛ Կղզեցիներ վառ ապրումներ ունեցած էին։ Իսկ այս տարի, իրենց նախաձեռնութեամբ կը ծրագրեն հիւրասիրել «Արին Բերդ» Պարային Համոյթը։

MER BARERI 1

Հիւրերը յայտնեցին թէ՛ Ս. Աստուածածնայ Տաղաւարի յաջորդող օրերուն, համոյթը փառաւոր հանդէսով մը պիտի ներկայանայ Պոլսեցիներուն։ 21 Օգոստոս 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Թէոս ճաշարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսութիւնը։ Այս առթիւ անոնք հրաւիրեցին Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը, որպէսզի յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ իր բարձր ներկայութեամբ պատուէ սոյն ձեռնարկը։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար։ Իր խօսքերուն մէջ մասնաւորապէս շեշտեց նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը։ Մշակութային նման աշխատութիւնները եւ աշխատութիւններուն իրենց նպաստը բերող սպասաւորները գնահատանքի արժանի էին։ Այնուհետեւ մաղթեց, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ կազմակերպութիւնը յաջողութեամբ պսակուի։ Այս առթիւ կարողութիւն մաղթեց հիւրերուն իրենց գործունէութեանց մէջ։