ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

Tebrik TBMMԹուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի մէջ այս շաբաթ կատարուած քուէարկութեամբ ՝ Ստանպուլի երեսփոխաններէն Իսմայիլ Քահրաման վերընտրուած էր որպէս ժողովոյ նախագահ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, մեծայարգ նախագահին ուղարկեց շնորհաւորական նամակ մը, որով յանուն Պատրիարաքական Աթոռոյ, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ, հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային մարմիններուն բարեմաղթութիւններ յղեց։