ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՀՈՎՈՒՈՒՀԻՆ

Kategori: Միջկրօնական

BadveliՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 24 Սեպտեմբեր 2017, Կիրակի, առաւօտ, եղած հրաւէրին ընդառաջելով, ներկայ եղաւ Այնալըչէշմէյի Գերման Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած նորանշանակ հովուուհի՝ Կապրիէլլէ Փաճէի պաշտօնի ձեռնարկման առթիւ կատարուած արարողութեան։ Նորին Սրբազնութեան կ՚ընկերանար Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Հանդիսութեան ներկայ էին քոյր եկեղեցիներէ, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։ Կիրակնօրեայ արարողութեան մասնակցութեամբ, Տեղապահ Սրբազան Հայրը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ բարի գալուստ մաղթեց Գերման Աւետարանական Եկեղեցւոյ Պոլսոյ նորանշանակ հովուուհիին եւ յաջողութիւն մաղթեց իր եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։ Հովուուհին եւս փոխադարձ շնորհակալութեամբ իր ուրախութիւնը յայտնեց Տեղապահ Սրբազան Հօր անձնապէս ներկայութեան, ու բարեմաղթութիւններուն համար։