ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱՏԵՂԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Kategori: Համայնքային

IMG_7868Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 10 Հոկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի երեկոյեան այցելեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի Սանուց Միութեան հաւաքատեղին։ Անցեալ շաբաթ, վարչութեան ներկայացուցիչները քաղաքավարական այցելութեամբ փութացած էին Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած՝ Նորին Սրբազնութեան հետ։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը, այս անգամ անձամբ այցելեց իր իսկ շրջանաւարտ եղած վարժարանի սանուց միութեան հաւաքատեղին եւ իր խորհուրդներն ու հայրական թելադրանքները փոխանցեց միութեան բոլոր վարիչներուն։ Հանդիպման ներկայ էին վարչութեան անդամները, նախկին տնօրէն Հայկ Նշան եւ երէց Դպրեվանքցիներ։ Հանդիպման ընթացքին ներկաներ միութեան այժմու գործունէութեանց մասին աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Սրբազնութեան։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, յիշեցուց Դպրեվանքի խորհրդանշական իմաստը, ինչպէս նաեւ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի դրած հիմքերը։ Այնուհետեւ ըսաւ թէ՝ միութիւնը մանաւանդ մշակութային գետնի վրայ առաւել եւս պէտք է թափ տայ իր գործունէութեանց։ Այս առումով ներկայ պատասխանատուներու վրայ լուծ մը կը բեռցուէր։ Իր գլխաւոր փափաքն էր, մշակութային գետնի վրայ բանախօսութիւններ, երաժշտական երեկոյթներ եւ տարբեր աշխատութիւններով միութեան առաքելութիւնը վառ տեսնել։ Սրբազան Հայրը այս ուղղութեամբ հաւաստիացուց թէ, ինք միշտ պատրաստ է խորհուրդ տալու եւ առաջնորդ հանդիսանալու նման աշխատութեանց։ Հանդիպման աւարտին ներկաներ, իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, Սրբազան Հօր հայրական խրատները լսելով։ Այնուհետեւ, շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան եւ խոստացան իրենց կարելին ի գործ դնել սանուց միութեան պանծացման համար։