ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱՄԱԿԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան «15 Յուլիս»  Ժողովրդավարութեան եւ Ազգային Միասնութեան Օրուան առթիւ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանին ուղարկեց հետեւեալ շնորհաւորական նամակը՝

 

15 Յուլիս 2019

 

Վսեմաշուք

Րէճէպ Թայյիպ ԷՐՏՕՂԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ

ԱՆԳԱՐԱ

 

Վսեմաշուք Նախագահ,

Այսօր կը տօնենք 15 Յուլիս Ժողովրդավարութեան եւ Ազգային Միութեան Օրուան երրորդ տարեդարձը։ Այս առթիւ Ձերդ Վսեմութիւնը կը շնորհաւորենք սրտագին եւ բարեկամական խորին զգացումներով։

Ակնյայտնի իրողութիւն է թէ՝ միութեան եւ միասնականութեան մթնոլորտին մէջ մնալը ամենալաւ պատասխանն է, տրուած՝ ներքին եւ արտաքին բոլոր շահասիրական կեդրոններուն։ Մեր Ազգը, այս կեցուածքը ցուցաբերած է Ազգային Պայքարի ոգիով շարժելով եւ դրսեւորած՝  պատուաբեր յաղթանակի մը  տիպարը։

Ժողովուրդի կամքը եւ ժողովրդավարութիւնը առ ոչինչ համարողներու տակաւին առաջին պահերուն մատնուած պարտութիւնը, արտացոլացումն է ազգային միութեան եւ միասնականութեան։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան յաւիտեան գոյատեւումը կարելի կ՚ըլլայ միայն այս զգացումներուն եւ հայրենիքի սիրոյն ամէն հարթակի վրայ դրսեւորելի նուիրումի եւ ծառայութեան շնորհիւ։ Մեր Պետութեան յաւիտենականութեան համար անհրաժեշտ մերձեցում մըն է ըլլալ՝ մէկ մարմին եւ մէկ սիրտ։

Այսօր ի սէր Ժողովրդավարութեան նահատակեալները կը յիշենք աղօթքով, իսկ վիրաւոր անկեալները՝ երախտագիտութեամբ։ Այս առթիւ Ձերդ Վսեմութեան եւ յանձին Ձերդ Բարձրապատուութեան բոլոր Պետական Աւագանիին յանուն անձիս, Կրօնական Ժողովի անդամներուն, Հոգեւորական Դասուն եւ Թուրքիոյ Հայ Համայնքին կը ներկայացնենք մեր բարեմաղթութիւնները եւ կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ յաջողութիւն շնորհէ Ձեր գործունէութեանց մէջ։

Խորին յարգանօք

Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան

Պատրիարքական Տեղապահ