ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Kategori: Աշխարհական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 8 Ապրիլ 2014, Երեքշաբթի, հեռաձայնով կապ հաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ։

Տեսակցութեան ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը նախ տեղեկութիւն տուաւ Թուրքիա ապաստանած Քեսապահայերու մասին, ապա հաղորդեց որ անոնցմէ ոմանք Պէյրութաբնակ իրենց ազգականներուն քով հաստատուիլ կը փափաքէին։ Նորին Սրազնութիւնը դիտել տուաւ որ Պատրիարքական Աթոռը պատրաստ էր ապաստանած Քեսապահայերու նեցուկ կանգնելու եւ իրենց հիմնական հարցերուն լուծում գտնելու։ Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը եւ գիւղաբնակ ժողովուրդը մասնաւոր հետաքրքրութեամբ կը զբաղուէին ապաստանած Քեսապահայերուն։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Վագըֆգիւղ ապաստանած Քեսապահայերու նկատմամբ հետաքրքութիւն կը ցուցաբերէին։ Տեղւոյն ժողովուրդին այս մերձեցումը առ նուազն հոգեւոր մխիթարանք կ՚առթէր Քեսապահայերուն։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան այս օրերուս պիտի վերադառնար Սուրիա եւ պիտի այցելէր Լաքաթիա ապաստանած Քեսապահայերը։ Նկատելով որ Վագըֆգիւղ ապաստանած տարեցներու ծանօթներ կրնային ըլլալ Լաքաթիոյ մէջ, աւելի լաւ պիտի ըլլար, Շահան Սրբազանին տեղւոյն վրայ քննարկումներէն յետոյ նպատակայարմար քայլեր առնել։ Նորին Սրբութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Արամ Սրբազանին իր հետաքրքրութեան համար։