ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ

Kategori: Եկեղեցական

badarak 2Տիգրանակերտի եւ շրջակայից ժողովուրդը 5 Ապրիլ 2015, Կիրակի առաւօտ, քաղաքի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ տօնեց Ս.Զատիկը։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր.Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, ընկերակցութեամբ՝ Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Նէրկիզեանի եւ Բրկ. Արթաքի Ուր. Դպ. Չօքշէնի մեկնեցաւ Տիգրանակերտ։

Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Զօհրապ Քահանան։ Ս.Սեղանին սպասարկեց Բրկ. Արթաքի Ուր. Դպ. Չօքշէն։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Նէրկիզեան եւ Մարտինէն ուխտաւորաբար եկած՝ Բրկ. Յովհաննէս Կ. Սրկ. Ուղուրկէլ։ Ս.Պատարագին մասնակցեցան արտասահմանէն, Ստանպուլէն եւ շրջակայ այլ քաղաքներէ հաւատացեալներ։

karozbadarakՏէրունական Աղօթքէն առաջ Տէր Հայրը ընթերցեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկի Պատգամը։ Ս. Պատարագին հաղորդուեցան կոկիկ թիւով ուխտաւոր հաւատացեալներ։ Այս պահուն, ոչ Քրիստոնեայ հաւատացեալ մը փափաքեցաւ նաեւ «Ս. Հաղորդութիւն» ստանալ։ Տէր Հայրը յայտնեց թէ, Ս. Հաղորդութիւն ստանալու փափաքն ու աղօթքի խնդրանքը կը տարբերէին իրարմէ եւ միայն մկրտուածներ կրնային Ս. Հաղորդութիւն ստանալ։

Արարողութեան աւարտին թափօր կազմուեցաւ եւ պատարագիչ Տէր Հայրը «Այսօր Յարեաւ ի մեռելոց» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ խորհրդարանը։ Այստեղ կատարուեցաւ «Տնօրհնէք»ի արարողութիւն, որուն աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։

Տէր Հայրն ու ընկերակիցները, երեկոյեան ժամերուն, եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի կողմէ հիւրասիրուեցան սիրոյ սեղանով։ Իսկ, ուշ ժամերուն օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։