ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

kadinlar dzununyՔաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Ծննդեան առիթով, 8 Յունուար 2013, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին հակառակ խստաշունչ օդին՝ այցելեցին Պատրիարքարան եւ դահլիճին մէջ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ նոյն Ժողովի Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ընդգծեց կնոջ դերը մեր համայնքային կեանքէն ներս։

Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկան ինչ ինչ համայնքային հարցեր եւ տիկիններ ցաւ յայտնեցին որ իրենց կնոջական ներկայութեամբ չեն կրնար գործօն դեր ստանձնել վարչային գետնի վրայ։ Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին ծառայութեան եւ խնդրեցին Սրբազան Հօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի աւելի ազդեցիկ ու գործօն դառնային համայնքային կեանքէն ներս։

Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց տիկիններուն կեցուածքը, ապա անդրադարձաւ կնոջ շինարար դերին իբրեւ մայր եւ տանտիկին ընտանեկան յարկին եւ համայնքային իրականութեան մէջ։

Նորին Սրբազնութիւննը անգամ մը եւս աղօթելու հրաւիրեց բոլորը Ամենապատիւ Տիրոջ առողջութեան եւ Ս. Աթոռոյս անսասանութեան համար։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը իր օրհնութիւնը տալով նուռ բաժնեց։