ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

15 01 08 Kadinlar Dzununt (1)Քաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Ծննդեան առիթով, 8 Յունուար 2015, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին հակառակ խստաշունչ օդին՝ այցելեցին Պատրիարքարան եւ դահլիճին մէջ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ նոյն Ժողովի Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։ Ընդգծեց մեր համայնքային կեանքէն ներս կնոջ ունեցած դերը եւ գնահատեց իրենց ծառայութիւնը։ Անգամ մը եւս յիշեցուց թէ տիկիններ, կարեւոր պարտականութիւն ունէին իրենց ընտանեկան յարկերէն ներս։ Որովհետեւ իր առաքելութեան գիտակից կինն է որ կը կանոնաւորէ ընտանեկան կեանքի ուղին ընթնցքը։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին եղան գաղափարի փոխանակումներ համայնքային հարցերու շուրջ։

Տիկիններ, շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդանի առթիւ ընդունած էր զիրենք եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Նորին Սրբազնութեան եւ ներկայ հոգեւոր հայրերու։

Նորին Սրբազնութիւնը անգամ մը եւս աղօթելու հրաւիրեց Պատրիարքական Աթոռոյ անսասանութեան, հոգեւոր եւ կրթական սպասաւորներու շարքերու զօրացման համար։
Ընդունելութեան աւարտին երգուեցաւ «Խորհուրդ Մեծ» ու միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական Աղօթքը եւ հուսկ՝ Նորին Սրբազնութիւնը իր օրհնութիւնը տալով նուռ բաժնեց։

15 01 08 Kadinlar Dzununt (2)