ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

kadinlar dzununtՔաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով, 8 Յունուար 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ դահլիճին մէջ ընդունուեցան Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Հայր Սուրբը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ յայտնեց որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, առողջական պատճառաւ ընդունելութեան ներկայ չէր կրցած գտնուիլ  ու այս պատճառաւ տիկնանց կազմերու անդամները ինք կը հիւրընկալէր։

Հայր Սուրբը, Հայ կնոջ առաջին ու ամենակարեւոր պաշտօնին՝ ընտանեկան յարկին մէջ իր ստանձնած դերէն ետք, անդրադարձաւ նաեւ համայնքային կեանքին մէջ կնոջ տանձնած պաշտօններուն։ Հայր Սուրբը այս բոլորին համար գնահատեց համայնքիս տիկիննները։

Ներկաներէն Արփի Չիզմէճեան, գործածուած հագուստներու բաշխման աշխատանքներու շուրջ իր անհանգստութիւնը յայտնեց։

Ընդունելութեան աւարտին երգուեցաւ «Խորհուրդ Մեծ» ու միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական Աղօթքը եւ հուսկ՝ Հայր Սուրբը իր օրհնութիւնը տալով նուռ բաժնեց։