ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Kategori: Uncategorized

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 4 Օգոստոս 2015, Երեքշաբթի, այցելեց Ստանպուլի Քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշին։ Ներկայ էր նաեւ Քաղաքապետարանի Խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ։

Սրբազանի Հայրը, Պատրիարքարանի փողոցներու բարեզարդման աշխատանքներուն ընթացքին տարուած աշխատանքներուն եւ ջերմ հոգածութեան համար Քատիր Թօփպաշին շնորհակալութիւն յայտնեց։ Աշխատանքները աւարտած ըլլալով, փողոցը ներկայանալի վիճակ մը ստացած էր։ Այս առթիւ, առ ի երախտագիտութիւն ծաղկաման մը նուիրուեցաւ յարգելի քաղաքապետին։