ՔԱՂԴԷԱՑԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

keldani rahipՔաղաքիս Քաղդէացի համայնքին համար, 19 Յունիս 2014 թուականը հոգեւոր խանդավառութեան առիթ եղաւ։ Համայնքի անդամները թէ՛ ներկայութիւնը ողջունեցին Քաղդէացւոց Պատրիարք Մօր Լուիզ Ռաֆայէլ Ա. Սաքօի, որ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուէր քաղաքս եւ թէ՛ մասնակցեցան քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան։ Քաղդէացւոց համայնքի անդամներէն Տիրացու Րէմզի Տիրիլ, նոյնիքն Քաղդէացւոց Պատրիարքի ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուեցաւ Սէնթ Էսփիրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս արարողութեանց ներկայ գտնուեցաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, շնորհաւորեց Քաղդէացի համայնքի անդամները եւ նորընծայ Հայր Րէմզի Տիրիլին մաղթեց որ ըլլայ, մշակ առանց ամօթոյ։