ՔԱՂԴԷԱՑՒՈՑ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՎԻՃԱԿԱՒՈԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

Թուրքիոյ Քաղդէացիներուն երջանկայիշատակ Վիճակաւոր Փոլ Արքեպիսկոպոս Քարաթաշի վախճանման քառասունքին առթիւ Քաղդէացւոց նորընտիր Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Էմմանուէլ Գ. Հարպիյէի Սէնթ Էսփրի Լատինաց Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Ս.. Պատարագ մատոյց 23 Փետրուար, Չորեքշաբթի երեկոյեան։ Քաղդէացւոց Պատրիարքին առընթերակայ եղան Հայր Պասել Վրդ. Սալէէմ ու Տէր Ֆրանսուա Քհն. Եաքան։

Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, հետն ունենալով Ս. Աթոռոյս միաբան հայրերէն Հոգշ. Հայր Սահակ Աբղ. Մաշալեանն ու Հոգշ. Հայր Զաքէոս Աբղ. Օհանեանը։ Ներկայ էին նաեւ քաղաքիս Լատինաց Եպիսկոպոս` Գերշ. Մոնս. Լուի Փելաթր, Ասորի Ուղղափառ Առաջնորդ Գերշ. Մար Ֆիլիքսինոս Մետրոտոլիտը, Յունաց Պատրիարքութեան անունով Հոգշ. Հայր Աթենակորաս Վարդապետը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն Գերյ. Տ. Աբրահամ Վրդ. Ֆըրաթեան, քոյր եկեղեցիներէն բազմաթիւ այլ հոգեւորականներ եւ կրօնաւորուհիներ։

Ի ժամ Սուրբ Պատարագի Ամեն. Էմմանուէլ Պատրիարքը ողջունեց Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ բոլոր քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներուն ներկայութիւնն եւ իր օրհնութիւնը տուաւ տաճարը լեցնող Քաղդէացիներու խուռներամ բազմութեան։ Ապա յիշելով հանգուցեալ Փոլ Սրբազանը, դրուատեց անոր բազմավաստակ հովուական կեանքը ու բոլորին ծանօթ բարի ու ազնիւ նկարագիրը։ Պատարագիչ Պատրիարքը աղօթեց նաեւ Թուրքիոյ եւ Իրաքի բարօրութեան, Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն Երջանկայիշատակ Փոլ Արքեպիսկոպոս Քարաթաշի հոգւոյն ի հանգիստ։