ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

13304959_581753178651236_4583707076497270259_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 24 Մայիս 2016, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին ընդունեց, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի։

Այցելուներ, տեղեկացուցին թէ անցեալ տարի կազմուած երիտասարդաց երգչախումբը, Բրկ. Հրանդ Ուր. Դպ. Չիզմէճեանի մականին ներքեւ մօտակայ օրերուն կը պատրաստուէր երաժշտական հանդիսութեան մը։ Այցելուներ, երգչախումբի աշխատութեանց մասին տեղեկութիւն փոխանցեցին եւ համերգի հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։ Հանդիսութեանց առաջինը տեղի պիտի ունենայ 2 Յունիս 2016, Հինգշաբթի, որուն հրաւիրուած են համայնքային վարժարաններու աշակերտութիւնը։ Իսկ երկորդ հանդիսութիւնը պիտի իրականանայ 3 Յունիս, Ուրբաթ, Ժամը 21.00-ին, Տատեան Վարժարանի Տիգրան Կիւլմէզկիլ Սրահին մէջ։

Արամ Արքեպս., գոհունակութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար ու սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն։