ՔԱՐԹԱԼԻ ԽՆԴՐԱԿԱՏԱՐ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

surp nisan 3surp nisan 2Քարթալի Ս. Նշան Եկեղեցին, որ շուրջ երեք տարի վերանորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 8 Օգոստոս 2015, Շաբաթ, ձեռամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան միաբան եւ քահանայ հայրեր։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ աշխատութեանց նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարող անձեր։

Ս. Նշան Եկեղեցին, Պոլսահայ հաւատացեալ ժողովուրդին համար դարձած է որպէս ուխտատեղի եւ կոչուած է «Խնդրականտար Ս. Նշան Եկեղեցի»։ Այս առումով, վերաբացման հանդիսութեան ներկայ հաւատացեալներ, հոգեւոր անհուն ուրախութեամբ փութացած էին վերաբացման հանդիսութեան։ Ներկաներ, ականատեսը կը դառնային, երեք տարուայ ընթացքին Յովհաննէս Սահակօղլուի գլխաւորութեամբ գործող թաղային խորհուրդի կատարած բծախնդիր աշխատանքներուն։ Եկեղեցւոյ մուտքին զետեղուած էին նկարներ, որոնք կը ներկայացնէին կատարուած այս աշխատանքները։ Ինչպէս, նաեւ պատրաստուած էր գրքոյկ մը, որուն մէջ եկեղեցւոյ պատմականին, կատարուած աշխատանքներու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ կը փոխանցուէին։

Ժամը 16.00-ին, Նորին Սրբազնութիւնը, հոգեւորականաց թափորով առաջնորդուեցաւ խորհրդարանէն դէպի եկեղեցւոյ մայր դուռը։  Այստեղ կատարուած Դռնբացէքի Արարողութենէն յետոյ, ներկայ հաւատացեալներ մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Սրբազնութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Նշան Եկեղեցւոյ աւագ խորանը, բեմի ճակատը, առաջադրութեան սեղանն ու պահարանը, աջակողմեան Ս. Պայծառակերպութիւն, ձախակողմեան Ս. Գէորգ սեղանները, Ս. Մկրտութեան աւազանը, Մկրտութեան պահարանի Ս. Յովհաննէս Կարապետ սեղանը եւ ձախակողմեան պահարանի Ս. Յարութեան սեղանը։ Ապա կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։ Սրբազան Հայրը քարոզեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարելաւման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Վեր առնելով Թաղային Խորհուրդին աշխատութիւնը, յայտնեց թէ անոնք իրեց չունեցած դրամով կրցած էին այս եկեղեցին փառաւոր վիճակի մէջ բերել։avazan odzum karoz

Արարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ, որմէ յետոյ եկեղեցւոյ շրջաբակը սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Surp nisan 1
Իսկ, յաջորդ առաւօտ, Կիրակի, պաշտամունքի վերաբացուած եկեղեցւոյ մէջ Գոհաբանական Անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ ձեռամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ։ Ս. Պատարագի արարողութեան եւս մասնկակցեցան Պոլսոյ այլ թաղերէն եկած բազմաթիւ հաւատացեալներ։

badarakՍ. Պատարագի աւարտին, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ բարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ինչպէս նաեւ, արարողութեան աւարտին արձակուեցան երեք ճերմակ աղաւնիներ, որպէս խորհրդանիշը՝ երեք տարուան պաշտամունքի բակման շրջանին աւարտման։

giragi