ՔԵՍԱՊԱՀԱՅԵՐ ՎԱԳԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

kesap vakiflikoyՎերջերս Թուրքիա ապաստանած խումբ մը Քեսապահայեր, որոնք առայժմ փոխադրուած են Վաքըֆգիւղ, կ՚արժանանան տեղւոյն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի եւ գիւղաբնակ ժողովուրդի մասնաւոր հետաքրքրութեան։

kesap vakiflikoy 2Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանը, կապ հաստատած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հետ։ Տեսակցութեանց ընթացքին հաղորդուած է թէ, ապաստանողներէն ոմանք կը փափաքէին Պէյրութաբնակ իրենց ազգականներուն քով հաստատուիլ։ Այս առումով, նախարարութիւնը ընթացք տալով իրենց խնդրանքին պիտի արագացնէր գործընթացքը։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց, Քեսապահայերու նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար։ Նորին Սրբազնութիւնը նաեւ կապ պիտի հաստատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսի հետ, խորհրդակցելու համար Թուրքիա ապաստանած Քեսապահայերէն Պէյրութ փոխադրուիլ փափաքողներու մասին։