ՔԷՄԱԼ ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Kategori: Աշխարհական

12091452_501219616704593_4831214754841751351_o«Ճումհուրիյէթ Հալք» Կուսակցութեան նախագահ Քէմալ Քըլըճտարօղլու 15 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, Եշիլգիւղի Չընար Հիւրանոցին մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքիս փոքրամասնութեանց հոգեւոր պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ։ Սոյն հանդիպումին մասնակցեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտը, Ստանպուլի երեսփոխան՝ Սէլինա Տօղան, Պաքըրգիւղի Քաղաքապետ՝ Պիւլէնտ Քէրիմօղլու, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքական դէմքեր։

10943702_501219613371260_5657987520359957215_o12068587_501219610037927_9061271535591837789_oՀանդիպման նպատակն էր, փոքրամասնութեանց հետ առընչուած հարցերը ուղղակի լսել իրենց ներկայացուցիչներէն։ Կրօնաւորներէն իւրաքանչիւրը խօսք առաւ ու արտայայտութիւններ ունեցաւ։ Իր կարգին Արամ Արքեպս. եւս հանդէս եկաւ իր սրտի խօսքով։ Սրբազան Հայրը, անդրադարձաւ Անգարայի մէջ վերջերս պատահած ահաբեկչական յարձակումին, որուն ընթացքին տասնեակ անմեղ անձինք մահացած էին։ Այս առթիւ անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց։ Սոյն յարձակման նպատակն էր խանգարել միասնականութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ոգին։ Մաղթեց որ նման դէպքեր չպատահին, եւ երկրի բոլոր քաղաքացիները վայելեն խաղաղ կեցութեան մթնոլորտը։

Սրբազան Հայրը, ապա անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական իրավիճակի չգոյութեան պատճառաւ յառաջացած հարցերուն։ Իր խօսքի աւարտին, դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ ՃՀՓ կուսակցութեան մասին։ Ըստ Նորին Սրբազնութեան, տեսանելի փոփոխութիւններ զգալի կը դառնային։ Փոխան ծայրահեղ ազգայնամոլութեան, աւելի ժողովրդավար մտայնութիւն մը կը տիրէր։ Սրբազան Հայրը, յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Շուրջ 2 ժամուան հանդիպման աւարտին, Քէմալ Քըլըճտարօղլուն բոլոր հիւրերուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան համար։

Photo: Mıgırdiç Ardzivyan