ՕՍՄԱՆԼԸ ՕՃԱՔԼԱՐԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

13047760_569282226564998_550066658124187558_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 21 Ապրիլ 2016, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, «Օսմանլը Օճաքլարը» Միութեան երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ Ատենապետ՝ Մուսթաֆա Քէմալ Էրէնի։

Այցելուներ, յայտնեցին թէ 2005-ին կազմուած միութիւնը կը գործէր Օսմանեան շրջանի մշակոյթը, աւանդութիւնները հետազօտելու, անոնց ծանօթանալու եւ զանոնք ծանօթացնելու նպատակաւ։ Միութեան ներկայացուցիչները, փափաք յայտնած էին քաղաքավարական այցելութեամբ ծանօթանալ Պատրիարքական Աթոռին եւ տեղեկութիւններ ստանալ Հայ Ժողովուրդի եւ Հայ Եկեղեցւոյ մասին։ Արամ Արքեպս. ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան եւ ի յիշատակ այս այցելութեան նուիրեցին յուշանուէր մը։

13048113_569282256564995_6527297715155683400_o