ՕՏԱՐ ԹՂԹԱԿԻՑՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

yabanci gazeteciԳերման, Աւստրիացի եւ Իտալացի թղթակիցներէ բաղկացեալ խումբ մը, 24 Հոկտեմբեր 2014, Ուրբաթ, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թղթակիցները, կրօնական հաստատութիւններ այցելելու եւ համայնքներու ներկայ իրավիճակին մասին հարցազրոյցներ կատարելու համար եկած էին Ստանպուլ։ Անոնք, Նորին Սրբազնութեան ուղղեցին Ստանպուլահայ համայնքի մասին հարցումներ եւ ստացան ամփոփ տեղեկութիւններ։